Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Արտաշէս Թագաւոր Գահընկէց
Սահակ Կաթողիկոս Պաշտօնանկ
Տիզբոնի մէջ հայ նախարարները Արտաշէսի դէմ իրենց ունեցած գանգատներու մասին արքայից արքան տեղեակ պահեցին արքունիքի հազարապետ Սուրէն Պահլաւի եւ այլ պարսիկ մեծամեծներու միջոցով: Որպէսզի կատարուած բողոքները ամբաստանեալներու ներկայութեան քննուին, Վռամ կարգադրեց, որ Արտաշէս թագաւորն ու Սահակ կաթողիկոսը անյապաղ կանչեն Տիզբոն:
Ան նախ անձամբ հարցաքննեց երկուքն ալ եւ ապա փորձեց հազարապետ Սուրէնի միջոցով սիրաշահիլ Սահակ կաթողիկոսը` անոր խոստանալով զանազան պատիւներ, որպէսզի իր հոգեւոր պետի բարձր հեղինակութեամբ հաստատէ նախարարներու կողմէ կատարուած ամբաստանութիւնները: Սահակի տուած պատասխանը շատ յստակ էր` ես չեմ կրնար նախարարներու քաղաքական ամբաստանութիւնները հաստատել, որովհետեւ ես երբեք չեմ լսած, որ Արտաշէս մտադրութիւն ունեցած ըլլայ Պարսկաստանի դէմ ապստամբելու եւ յոյներուն միանալու: Ուստի այդ կապակցութեամբ ես որեւէ պատճառ չեմ տեսներ զինք դատելու:
Ինչ կը վերաբերի անոր կնամոլութեան, անառակ կեանքին, թէեւ անիկա քրիստոնէական մեր կրօնի տեսակէտէն դատապարտելի է, սակայն ըստ ձեր կրօնի նման վարք ու բարք ոչ թէ միայն յանցանք չի համարուիր, այլ արժանի է գովասանքի եւ մեծարանքներու:
Երբ Սահակ կաթողիկոսի այս տեսակէտները փոխանցուեցան Վռամ արքային, ան սաստիկ զայրացած` հրամայեց անմիջապէս «բազմամբոխ ատեանի առաջ հարցաքննել հայոց նախարարներն ու Արտաշէսը»*:
Հայոց աշխարհի իշխանները իրենց թագաւորին վրայ բարդեցին ոչ թէ միայն իր անառակ կեանքի մեղքերը, այլ, թշնամութեամբ լեցուած, յաւելեալ այնպիսի սուտ յանցանքներ, որոնց դէմ կը բողոքէր Արտաշէս, սակայն զինք լսող չկար, քանի որ, ինչպէս Փարպեցի կը վկայէ, անոնք որոշած էին վերացնել Պարսկահայաստանէն Արշակունեաց տոհմի թագաւորութիւնը:
Վռամ արքան սիրով կը լսէր չարախօսողներուն ըսածները, մանաւանդ` Սուրմակի աղտեղի խօսքերը, որովհետեւ Խորենացի կ՛ըսէ, Արտաշէսի հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած նախարարները անոր խոստացած էին եպիսկոպոսապետութեան աթոռը. ուստի ինքնասիրութենէն դրդուած իր լեզուն սատակիչ սուրի վերածած էր**:
Վերջապէս Վռամ մեծապէս ուրախացաւ, երբ ինք եւ պարսկական արքունիքի ամբողջ աւագանին լսեցին Արտաշէսը ամբաստանողներու շրթներէն հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մեզ բնաւ ալ պէտք չէ այս թագաւորը, թող պարսիկ իշխան մը գայ Հայաստան եւ մեր վրայ վերակացու ըլլայ, որպէսզի անձամբ յայտնէ ձեզի, թէ մեզմէ ո՛վ հպատակ է (հաւատարիմ է) արքայից արքային եւ ով չէ»:
Արդէն Վռամին ուզածն ալ այդ էր. այն, ինչ որ իր հեռաւոր նպատակն էր իրագործուած տեսնել Պարսկահայաստանի մէջ, այժմ հայ նախարարները որպէս խնդրանք կը ներկայացնէին իրեն:
Ուստի Վռամ հրամայեց անմիջապէս գահընկէց ընել Արտաշէսը եւ անոր ամբողջ ունեցուածքը յարքունիս գրաւել. թագաւորին հետ պատժուեցաւ նաեւ Սահակ հայրապետ. առնուեցաւ անկէ կաթողիկոսական աթոռը եւ տրուեցաւ Սուրմակի. նոյնպէս յարքունիս գրաւուեցաւ «զաթոռն կաթողիկոսական», որովհետեւ ան մերժած էր միաբանիլ հայոց նախարարներուն հետ եւ չէր հաստատած անոնց` Արտաշէսի դէմ կատարած ամբաստանութիւնները: Գահընկէց Արտաշէսին եւ Սահակ կաթողիկոսին թոյլ չտուին վերադառնալ Հայաստան. այլ արգելափակուեցան Պարսկաստանի մէջ, թէեւ ժամանակի պատմագիրները չեն յիշած` ո՞ւր եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ պահուեցան անոնք:
Ինչ կը վերաբերի նախարարներուն, անոնք «Պարսից թագաւորէն ստացան պատիւներ ու մեծարանքներ»` իբրեւ վարձք Արտաշէսը մատնած ըլլալնուն համար: Իսկ Արտաշէսի փոխարէն` նոր թագաւոր չնշանակուեցաւ, այլ ոմն Վեհմիհրշապուհ դարձաւ մարզպան Հայաստանի, որ կառավարէ երկիրը: Այս կերպով Արտաշէսի թագաւորութեան վեցերորդ տարին` 428 թուին վերացաւ Արշակունեաց տոհմի թագաւորութիւնը եւ այնուհետեւ «Հայաստանը վերջնականապէս ու ամբողջութեամբ ինկաւ անօրէն պարսիկներու տիրապետութեան լուծին տակ»***:
Այս բոլորէն ետք կարելի է պատկերացնել Սահակ կաթողիկոսին ապրած հոգեկան վիճակը: Երէկ կաթողիկոս ամենայն հայոց, այսօր պաշտօնանկ, աքսորական, անարգուած եւ լքուած իր իսկ հարազատներուն` հայ աշխարհի մեծամեծներուն կողմէ:
Շուրջ քառասուն տարիներ Հայ եկեղեցւոյ ծառայելէ, հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերը պաշտպանելէ եւ Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն միտքերու լուսաւորութիւնը իրագործելէ ետք, ահա այս էր իրեն բաժին ինկած վարձատրութիւնը` որպէս յանցագործ դատուիլ եւ դատապարտուիլ, այն ալ` հայոց աշխարհի ազատներու մատնութեամբ:
Ան իր կաթողիկոսական աթոռը կորսնցուցած ըլլալուն համար չէ որ այնքան կը ցաւէր, այլ իր եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը անօրէն օտարին յանձնուած ըլլալուն համար: Անշուշտ, որ հայ նախարարներուն ցուցաբերած ապերախտութիւնը դառնօրէն վշտացուցած էր զինք, այսուհանդերձ, ան ունէր խղճի հանգստութիւնը, որ չէր դաւաճանած քրիստոնէական վեհ սկզբունքներուն եւ ազգանուէր նպատակներուն: Ո՛չ նախարարներու սպառնալիքները եւ ո՛չ ալ արքայից արքային շռայլ խոստումները կրցած էին ընկճել արիասիրտ հայրապետի` յանուն Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայաստան աշխարհի անկախութեան անոր մղած պայքարի ոգին:
Անոր աքսորական վիճակը ի Պարսկաստան` պիտի տեւէր շուրջ չորս տարի: Այնուհետեւ պիտի գային ժամանակներ, երբ հայրենիք վերադարձած Սահակ կաթողիկոսին առջեւ զղջումով ծունկի պիտի գային նոյն նախարարները` աղերսագին խնդրելու, որ վերադառնար կաթողիկոսական գահին, սակայն ան պիտի մերժէր: Այս մասին մենք կ՛անդրադառնանք յաջորդող էջերու մէջ: Ինչ որ կ՛ուզէինք այս հանգրուանին կարեւորութեամբ ընդգծել, հետեւեալն է:
Արշակունեաց թագաւորութեան վերացումով առնուած էր ազգակործան առաջին քայլը: Ուշ կամ կանուխ հայ նախարարներուն վստահուած պաշտօններն ու լիազօրութիւնները պիտի ջնջուէին. իսկ քրիստոնէութիւնը ամբողջութեամբ վերացնելու փորձը պիտի կատարուէր Յազկերտի կողմէ: Պարսկաստանի հեռաւոր նպատակները պարզ էին. զանոնք գործադրելու խնդիրը լոկ ժամանակի հարց էր: Վարդանանց պատերազմը այդ նպատակներու իրագործման դէմ մղուած սրբազան պայքարի լաւագոյն օրինակն է:
(Շար. 11)
* Փարպեցի, անդ, Գլ. ԺԳ., էջ 56-57:
** Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԴ:
*** Փարպեցի, անդ, Գլ. ԺԵ., էջ 58-59: Արշակունեաց հարստութիւնը գոյատեւած է Հայաստանի մէջ 362 տարի` 66-էն մինչեւ 428:

