Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ենթահողի Շեշտաւորման Հրամայականը Եւ Հայուհին

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Տօնական թէ աւանդական նշելի թուականներ յաճախ առիթ են խորհրդածելու տուեալ թուականի պարզած իրավիճակին մասին` անցեալի ըմբռնումով թէ ապագայի հեռանկարներու տեսլականով:

Այդ թուականներէն մէկը կը նկատուի մարտ 8, երբ կը նշուի Կիներու միջազգային օրը, երբ առհասարակ կիներ ու կնոջական հասարակական կազմակերպութիւններ կ՛արծարծեն իրենց իրավիճակը ու անոր բարելաւման միտող պահանջներ կը ներկայացնեն: Նմանապէս հայուհին, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, կը նշէ այդ օրը` իր տարբեր երեսներով:

Արծարծուող իրավիճակներուն մէջ կը նշուին նաեւ կնոջական ճիգերով  իրագործուած նուաճումները, որոնք սակայն կը կեդրոնանան առաւելաբար ընկերային, առողջապահական պայմաններու զարգացման վրայ: Մինչդեռ հազուադէպօրէն կ՛արծարծուին հայ ազգային պահանջատիրական հարցեր` զանոնք «կուրօրէն» տղոց վստահելու տրամադրութեամբ: Այս մէկը սակայն հարցականներ կը ստեղծէ, թէ` հայուհին որքանո՞վ կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը, ազգային ինքնութեան պահպանման բնագաւառին մէջ:

Սփիւռքահայութեան կացութիւնը եւ յատկապէս` հայուհիին իրավիճակը անկիւնադարձային փոփոխութիւններ կրեցին անցնող դարաշրջանին: Շեշտուեցաւ յետեղեռնեան սփիւռքահայ իրավիճակ մը, որ հիմնովին տարբեր է նախաեղեռնեան իրավիճակէն, երբ հայութիւնը կ՛ապրէր իր հայրենի պապենական հողերուն վրայ, ուր իւրաքանչիւր հայկական գաւառ թէ աւան անուղղակիօրէն հայը հայութեա՛մբ կը շեշտաւորէր, «կը սնուցանէր»: Իւրաքանչիւր դպրոց, խաչքար թէ եկեղեցի հայոց պատմութեան աւանդ մը կը խորհրդանշէին: Այսօր չկան կամ` գրեթէ քանդուած են անոնք թուրքին կողմէ: Իսկ յետեղեռնեան շրջանին հայութիւնը  լծուած է հայրենամերձ, բայց խորթ ու օտար ափերու վրայ հայը հայ պահելու հիմնական առաքելութեան: Այդ մէկը կը դրսեւորուի հայկական հասարակական այլազան բնագաւառներու մէջ տարուող գործունէութեամբ` գրական, մշակութային թէ ազգային պիտակներու տակ: Սակայն այս բոլորին առընթեր հայուհիին դէմ ցցուող մարտահրաւէրները կը շեշտուին, մարդկային զարգացման հոլովոյթին զուգահեռ:

Մարտահրաւէր է օրինակ խառն ամուսնութեան երեւոյթը, որ վտանգաւոր համեմատութեան հասած է հայ ընտանիքներու պարագային: Թերեւս երիտասարդական «կոյր սիրոյ» զոհ գացող այդ ամուսնութիւնները դժուար ըլլայ կանխարգիլել` նկատի ունենալով նոր սերունդին ազատատենչ մղումներն ու զայն քաջալերող ընկերային արդի չափանիշները: Այսուհանդերձ, հայ մայրը, հայուհին հո՛ս ալ ընելիք ունի` իր զաւակը դաստիարակելով այնպէս մը, որ ան մանչ թէ աղջիկ, ինչպիսի շրջանակի մէջ ալ գտնուի կարենայ պահպանել իր ազգային ինքնութիւնը, փորձելով հայկական աւանդութիւններն ու սրբութիւնները, իր ազգային արժէքները ծանօթացնել օտար շրջանակին:

Մարտահրաւէր է դարձեալ` վտանգաւոր տարողութեամբ շեշտուող օտար վարժարան գացող հայ աշակերտութեան երեւոյթը, ուր նմանապէս  հայուհին մեծ դեր ունի կատարելիք:

Հիմնական մարտահրաւէրը սակայն, ազգային ինքնութեան պահպանման կողքին, ազգային պահանջատիրութեան, Հայ դատի իրագործման գծով հայուհիի ներդրումի պակասն է: Դժբախտաբար կայ փոքրամասնութիւն մը (կ՛ուզեմ հաւատալ, թէ այդ խմբակը փոքրամասնութիւն է եւ այդպէս պիտի մնայ, եթէ բոլորովին չվերանայ), որ նուաստացած կը զգայ ինքզինք որպէս հայ եւ օտարներու ներկայութեան կը նախընտրէ ոչ-հայերէն, յատկապէս եւրոպական լեզուով արտայայտուիլ իր զաւակներուն թէ ընկերակիցներուն հետ: Անոնք օտարէն աւելի օտարացած ու խորթ կը զգան հայկական աւանդական մեր արժէքներու եւ ազգային գաղափարական մեր աւանդի պահպանման նկատմամբ: Անոնցմէ յատկապէս բարեկեցիկ վիճակով եղողները վայելքի ամէն տեղ կը յաճախեն, հաճոյքի ամէն ծախս կ՛ընեն, մինչ կարիքաւորներու օգնութեան կամ ազգային կառոյցներու մէջ ծառայելու գծով «բազմազբաղ» ու նիւթապէս «ինքնաբաւ» կը յայտարարեն իրենք զիրենք:

Խառն ամուսնութեան, օտար վարժարան յաճախելու, այլասերող ու հայկական պատկանելիութիւնը խորթ նկատողներու այս մարտահրաւէրներու կիզակէտը  Հայ դատի պահանջատիրութիւնն է: Փաստօրէն, սփիւռքի տարածքին հողային պահանջատիրութեան կողքին Հայ դատի պահանջատիրութիւնը նաեւ կ՛առաջադրէ ազգային ինքնութեան պահպանում: Հո՛ս է, որ հայուհիի դերակատարութիւնը տկար է եւ հարկ է զարկ տալ այս իմաստով` ներքին թէ արտաքին առումով: Ներքին` հայուհին ինք մասնակցի ու համոզէ իր կողակիցն ու զաւակները մասնակցելու ազգային, միութենական գործունէութեան: Արտաքին` ազգային պատկան կառոյցներն ու վարիչները  իրենց կարգին «կուրօրէն» վստահին հայուհիի ատակութեան ու կարողութիւններուն, ինչ որ կրնայ խթան  հանդիսանալ հայուհիներու ներդրումի քանակային աճին: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ թուրքը կ՛ուզէ օգտագործել ամէն պատեհ առիթ` կազմալուծելու հայրենամերձ հայօճախները (պատահականութիւն չէր որ թուրքեր քանդեցին, կազմաքանդեցին եւ Թուրքիա փոխադրեցին Սուրիոյ հայաբնակ շրջաններու արդիւնաւէտ գործարաններու կազմածները…): Նմանապէս` այն միջոցին, երբ  հայու տնտեսական հզօրանքի կողքին հայ մարդուժի նկարագիրը խաթարելու ակներեւ փորձերով Թուրքիա կը փորձէ ուղեղալուացքի ենթարկել շրջանի բնակիչները, ներառեալ հայերը` իր պատկերասփռած արբանեակային ֆիլմաշարերով, մէջընդմէջ հայը ներկայացնելով որպէս քծնող, վախկոտ, պատեհապաշտ, դաւաճանի կերպարներով` այս բոլորին դէմ հայը եւ յատկապէս հայուհին հիմնական դեր ունի կատարելիք` սկսելով իր տունէն, արգիլելով թրքական հաղորդումներու հետեւիլը: Աւելիով շեշտուող մարտահրաւէր է մտաւորական հայուհիի դերակատարութիւնը, պայքարելու նշեալ երեւոյթներուն դէմ` ազգային պահանջատիրական, հայկական ինքնութեան պահպանման, հայապահպանման, այլ խօսքով` Հայ դատի իրագործման քայլերու հեռանկարով: Արդարեւ, հազուադէպ է այսպիսի հարցերու արծարծումը հայուհիներու հետ, հայուհիներու միջեւ: Դժբախտաբար հայ հասարակական կեանքին մէջ մատուցուող  դասախօսութիւնները առաւելաբար կեդրոնացած են մշակութային, ընկերային, առողջապահական նիւթերու վրայ: Այս ուղղութեամբ որոշիչ դեր կրնայ կատարել, պէ՛տք է կատարէ հայուհին:

Մարտ 8-ի Կիներու միջազգային օրուան առիթով հարկ է մտածել նաեւ ա՛յս ուղղութեամբ, իգական ներդրումի շեշտաւորման «արեւելում»-ի ուղղութեամբ…

Share this Article
CATEGORIES