Վերարժեւորելով Կիներու Միջազգային Օրուան Էութիւնը` Իբրեւ Աշխատաւոր Կիներու Պայքարի Օր
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աշխատաւոր կիներ` բողոքի ցոյցի ընթացքին
8 մարտ 1857-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հիւսուածեղէնի եւ կարի մարզին մէջ աշխատող հազարաւոր կին բանուորներ բազմամարդ ցոյցերու մասնակցեցան` պահանջելով տղոց հետ աշխատավարձի հաւասարութիւն եւ 16 ժամուան աշխատանքային օրուան կրճատում` 10 ժամուան: Ամերիկեան բանակը ճնշումով եւ փամփուշտով հակադարձեց կին բանուորներու այս ընդվզումին. 129 հոգի զոհուեցան, հարիւրաւորներ ձերբակալուեցան… Ճիշդ տասնեակ մը տարիներ վերջ Շիքակոյի մէջ եղածին պէս, երբ բանուորներու ընդվզումին բռնի ուժով ճնշումը նախանշեց Աշխատաւորներու հետ համերաշխութեան միջազգային օրուան նշումին սկիզբը:
Սակայն, հակառակ անոր որ 8 մարտ 1857-ի դէպքերը նախակարապետն էին աշխատաւորական պայքարներու ծաւալումին եւ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարին, այսուհանդերձ, այդ թուականը միշտ ալ մնաց մոռացութեան փոշիներուն մէջ: Աւելի ճիշդը` մոռցուած պահեցին: Այսօր ալ կարգ մը պատմաբաններ կ՛ըսեն, որ ատիկա լոկ առասպել է, այդպիսի բան տեղի չէ ունեցած պատմութեան մէջ եւ այդ թուականի դէպքերը հնարուած են միջազգային ընկերվարական քարոզչութեան ծառայեցուելու համար: Սակայն փաստը կը մնայ այն, որ, հակառակ մոռացութեան մատնելու բոլոր փորձերուն, 8 մարտը ինքզինք հաստատեց իբրեւ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարի միջազգային օր: Փաստ կը մնայ նաեւ այն, որ, հակառակ այս օրը պաշտօնապէս հաստատելու համար ընկերվարական մտքին թափած մեծ ճիգերուն, այսուհանդերձ, անիկա ընկերվարական մենաշնորհ չէ, այլ կը պատկանի համայն մարդկութեան:

Մարտ 8-ի առաջին պաշտօնական նշումի որմազդը` Գերմանիոյ մէջ (8 մարտ 1914):
Բայց միշտ անհրաժեշտ է յիշեցնել արմատները, միշտ անհրաժեշտ է մատնանշել, որ Կիներու միջազգային օրը կիներուն վարդ նուիրելու օր կամ կիներուն մասին լաւ խօսքեր ըսելու օր չէ լոկ, անիկա նաեւ պայքարի օր է` յանուն տղոց եւ կիներուն միջեւ իրական իրաւահաւասարութեան: Անիկա այն օրն է, որուն հաստատման ու յաւուր պատշաճի նշման համար ընկերվարական կիներ մեծ պայքարներ մղած են` սկսեալ օգոստոս 1910-էն, երբ Ընկերվարական Բ. միջազգայնականի Քոփենհակընի համագումարին նախորդած Կիներու միջազգային համագումարին ընթացքին գերմանացի կին ընկերվարական Լուիզ Զէյթս առաջարկեց պաշտօնապէս սկսիլ նշել Կիներու միջազգային օրը, եւ այդ առաջարկը երկրորդուեցաւ գերմանացի ընկերվար ժողովրդավարական մեծ տեսաբաններէն Քլարա Ցեթքինի կողմէ: 17 երկիրներէ 100 կին պատգամաւորներ որդեգրեցին զուտ ընկերվարական ռազմավարութիւն` հիմնուած հաւասար իրաւունքներու կենսագործման, ներառեալ` ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի ձեռքբերման սկզբունքներուն վրայ: Իրականութեան մէջ ամերիկացի ընկերվարականներն էին, որոնք 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին սկսան պարագայականօրէն նշել կիներու օրերը, սակայն միայն 1911-էն սկսեալ է, որ Կիներու միջազգային օրը Եւրոպայի տարածքին սկսաւ պաշտօնապէս նշուիլ բողոքի բազմամարդ մեծ ցոյցերով, բայց այդ օրուան նշումին համար երբեք մէկ պաշտօնական օր չէ եղած մինչեւ 1914, երբ Գերմանիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով որդեգրուեցաւ մարտ 8-ն` իբրեւ հաստատուն օր:
Ժամանակակից պատմութեան մէջ երբեք օր մը չէ եղած, որ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարը անջատուած ըլլայ ընդհանուր ընկերային պայքարէն: Աշխատաւորներու եւ յեղափոխական մտաւորականութեան կողքին առաջին շարքերուն վրայ եղած են նաեւ կիները` ընդհանուր պայքարին մէջ, անոնք ստանձնած են յառաջատար դերակատարութիւն` աշխատանքային հաւասար պայմաններ ստեղծելու, աշխատանքի ժամերու կրճատման, տղոց եւ կիներու իրական հաւասարութեան, արդար եւ հաւասար աշխատավարձի, սեռային խտրականութեան վերացման, ընտրութեան իրաւունքի ձեռքբերման եւ տակաւին այլ հարցերու համար պայքարի մարզերուն մէջ: Տեղ մը կու գայ, որ կարելի չէ տարանջատել կիները աշխատաւոր դասակարգէն եւ մտաւորականութենէն, որովհետեւ անոնց պայքարը ընդհանուր է, նպատակները, իղձերը ընդհանուր են` ստեղծել արդար հասարակակարգ մը, ուր գոյութիւն չունենայ խտրականութիւն եւ շահագործում` ընկերային, դասակարգային, տնտեսական, սեռային եւ ցեղային հիման վրայ:
Կը հետեւցուի ուրեմն, որ Կիներու միջազգային օրը իր արմատներով ընկերվարական «տօն» մըն է, որովհետեւ անոր նշման շարժառիթը նախ եւ առաջ աշխատաւոր կիներու, ապա աշխատաւոր ընդհանրութեան համախմբումն ու զօրաշարժի ենթարկելն էր` պայքարելու համար յանուն կիներու ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հաւասարութեան: Անկասկած, կիները վերոյիշեալ նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ հսկայական նուաճումներ արձանագրած են, զարգացած եւ ճարտարարուեստականացած երկիրներուն մէջ, շնորհիւ ընկերային եւ քաղաքական յամառ ու երկարատեւ պայքարներուն, կիները իրենք զիրենք հաստատեցին իբրեւ լիիրաւ դերակատարներ այդ երկիրներու կեանքին մէջ` զանազան մարզերէ ներս: Տակաւին սակայն կայ տարուելիք մեծ աշխատանք, տակաւին երրորդ աշխարհին մէջ կան երկիրներ, ուր կիներուն կը զլացուի արժանավայել կեանք, կը զլացուին ապրելու տարրական պայմաններ, կրթութեան իրաւունք, ընտրութիւններու եւ քաղաքական կեանքին լիարժէքօրէն մասնակցելու իրաւունք, բազմաթիւ երկիրներու մէջ աւանդութեան մաս կը կազմէ կիներու նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը, ինչ որ հարցերուն հարցն է այսօր: Ահա այս հարցերուն լուծման համար ճիգերը պէտք է շարունակուին:
Եւ այդ ճիգերը պէտք է շարունակուին այն նոյն ոգիով, որով սկսած էր նշուիլ Կիներու միջազգային օրը: Անիկա իրական ընկերվարական, ֆեմինիսթական պայքարի ոգին է, այն ոգին, որ տարին մէկ անգամ յառաջատար կիները կը մղէ փողոց իջնելու եւ պահանջելու իրենց իրաւունքները: Այո՛, կիներու իրաւունքներուն համար պայքարի օրը` մարտ 8-ն գերազանցապէս փողոց, հրապարակները իջնելու օրն է, ինչպէս որ ըրած էին բանուոր կիները տակաւին 1857-ին: Փառք ու պատիւ պայքարող, աշխատաւոր կիներուն` իրենց օրուան առիթով:

