Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը` Ամէնօրեայ Տագնապ

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

maxresdefaultԿանանց իրաւունքներու հարցը ջուրի երես կը բարձրանայ ամէն անգամ, որ բռնութեան զոհ կը դառնայ կին մը. չըսելու համար, որ միայն ա՛յն ատեն երեւան կու գայ կիներու դէմ սեռային խտրականութեան պիտակին տակ կիրարկուած անարդարութիւններու խնդիրը: Զոհ ըլլալու հանգամանքը կը մարմնաւորուի միայն իր կեանքը կորսնցուցած կնոջմով, իսկ բռնութեան զանազան տեսակի ենթարկուողները յաճախ կը մնան ստուերի մէջ ու ամօթի եւ վախի մէջ թաղուած կը հիւծին իրենց ամուր փակուած շրթներուն ետին:

Երբ հայկական շրջանակի մէջ կիներու հանդէպ բռնութեան մասին խօսուի, հայրիշխաններ կը դառնանան եւ այդ «զրպարտութիւնը» կը նկատեն եւրոպականացած չափանիշներու ներթափանցում ու աւանդական ընտանիքներու քանդում: Բայց չէ՞ որ Հայաստանի մէջ ալ կ՛արձանագրուի Զարուհի Պետրոսեան եւ կամ Մարօ Գուլոյեանի ճակատագիրին նման դէպքեր, որոնք ո՛չ միայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւն կը սեպուին, այլ նաեւ կնատեացութիւն: Հայաստանի մէջ «Կանանց ռէսուրսային կեդրոն»-ի հիմնադիրներէն մէկուն` Լարա Ահարոնեանին հետ մեր զրոյցին ընթացքին ան կը վկայէ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին կիներու հանդէպ անիրաւութիւններ, որոնք կը խոչընդոտեն զօրաւոր նկարագիր ունենալու անոնց իրաւունքը:

«Կանանց Ռէսուրսային Կեդրոն»-ը
Կը Ծնի Փոքրիկ Շարժումէ Մը

294622_1015036459Ահարոնեանը կը պատմէ, թէ Հայաստան հաստատուելէ ետք զինք կը յուզէին երկրին մէջ տեղ գտած անարդարութեան վերաբերեալ հարցերը, որոնք միշտ արծարծումի առարկայ դարձած են իր շրջանակին մէջ: Նախ` Երեւանի պետական համալսարանի մէջ եւ ապա հոնկէ դուրս խօսքը դարձնելով գործի, կը ստեղծեն տարածք մը` «Կանանց ռէսուրսային կեդրոն», որ կարելիութիւն պիտի տայ քննարկելու լուծումներ գտնելու կանանց իրաւունքները ոտնակոխող հարցերուն:

Ահարոնեան կը յայտնէ, որ «Կանանց ռէսուրսային կեդրոն» կը յաճախեն տարբեր տարիքի երիտասարդուհիներ: Իսկ երթեւեկի դժուարութիւն ունեցողներուն համար, ինչպէս հաշմանդամներուն եւ Երեւանէն դուրս ապրողներուն, կեդրոնը կը կատարէ յատուկ ուղեւորութիւններ ու կը կազմակերպէ տարբեր տեսակի աշխատանոցներ ու վարժանքներ: «Արգելքներ չենք դներ, քանի որ կը հաւատանք, թէ տարածքը բաց պէտք է մնայ բոլոր կարիք ունեցողներուն համար», կ՛ընդգծէ Ահարոնեան` շարունակելով. «Կան նաեւ կայքին միջոցով սփիւռքէն մեզի դիմողներ, մանաւանդ Հայաստանէն սփիւռք գացողներու պարագան»:

Խօսելով մարդուժին մասին` Ահարոնեան կ՛ըսէ, թէ ատիկա հիմնուած է գլխաւորաբար կամաւորներու վրայ, որոնք կեդրոնին մէջ կ՛աշխատին անդամներուն դասաւանդելով տարբեր հմտութիւններ` լեզուի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, իսկ մնացեալ հետեւողական գործերուն համար կայ խումբ մը լիաժամ աշխատողներ:

Կեդրոնը Եւ Հայաստանի Հասարակութիւնը

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի հասարակութիւնը որքանո՞վ կ՛ընկալէ կեդրոնին տարած աշխատանքը` Լարա Ահարոնեան կը յայտնէ, որ սկզբնական շրջանին ոչ ոք լաւատեղեակ էր կեդրոնին առաքելութեան մասին, իսկ ներկայիս արդէն շատ աւելի ճանչցուած է: «Սեռական բռնութեան [դէմ բողոքի համար] թէժ գիծ ունինք եւ բազմաթիւ հեռաձայններ կը ստանանք: Արդէն կ՛աշխատինք մարզերուն մէջ եւ նախարարութիւններու հետ, օրինակ` ընկերային հարցերու նախարարին, ինչպէս նաեւ մարզպետերուն եւ ընկերային ծառայողներու միջոցով կը կատարենք կարողականութեան զարգացում, որպէսզի բռնութեան ենթարկուելու պարագային կիները կարենան դիմել օգնութեան: Տասը տարի առաջ հասարակութիւնը չէր խօսեր կանանց դէմ բռնութիւններու մասին, իսկ հիմա արդէն անոնք արդէն լուռ չեն մնար», կ՛ըսէ ան:

«Փոփոխութիւն կայ նաեւ պետութեան կողմէն: Իմանալով բոլոր իր թերութիւնները, պետական մակարդակի վրայ փորձ կայ, որ կանանց իրաւունքներու պաշտպան կեդրոններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու շնորհիւ իր քաղաքականութեան մէջ ներառէ ասիկա», կը փոխանցէ Ահարոնեան` աւելցնելով, որ «ի հարկէ գոյութիւն ունին կանանց իրաւունքներուն պաշտպանութեան դէմ եղողներ, քանի որ տակաւին հայրիշխանական արժէքներու տիրապետութեան տակ ենք: Երբ խօսինք կիներու եւ տղոց համահաւասար իրաւունքներուն մասին, անոնք կը կարծեն, թէ յանկարծ մայրիշխանութիւնը պիտի տիրէ: Անշուշտ այդպէս չէ նպատակը: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, համայնավարութեան արժէքները փոխարինուեցաւ ազգայիններով, եւ հետեւաբար երբեմն առանց իսկ հասկնալու ազգայինը, կը գործեն [մեզի դէմ]», կը պարզաբանէ Ահարոնեան:

Կեդրոնին Աշխատանքային Տարածքը

4womenԿանանց իրաւունքներու պաշտպան այս կազմակերպութիւնը հիմնած է եւ մաս կը կազմէ տարբեր խմբաւորումներու: Անոնցմէ մէկը մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան խմբաւորումն է, ուրիշ մը քաղաքական բանտարկեալներուն հետ կը զբաղի, ուրիշ մը զինուորականներուն հետ: Ահարոնեան կը նշէ, թէ` «մենք միակն ենք, որ կանանց հետ կ՛աշխատինք: Կը փորձենք միասնական ռազմավարութիւն մը մշակել, որպէսզի Հայաստանի մէջ յառաջ տանինք մարդու իրաւունքները: «Կանանց ռէսուրսային կեդրոն»-ը հիմնադիրներէն մէկն է եւ անդամ է Կանանց ընդդէմ բռնութեան համախոհականին, որ հիմնականօրէն կը զբաղին կանանց դէմ բռնութիւններու հարցերով ու այդ ուղղութեամբ դատական գործերով: Կազմակերպութիւնը իր ցանցերը ունի Կովկասի, Վրաստանի, Օսեթիոյ, Աբխազիոյ եւ Ղարաբաղի հետ, ուր կը փորձեն աշխատիլ պատերազմէն տուժած կանանց հետ», կ՛աւելցնէ Ահարոնեան:

Սփիւռքին Հետ Կապը

Խօսելով սփիւռքի հետ կապին մասին` Ահարոնեան կ՛ընդգծէ, թէ բացի անկէ, որ կապը կը կայանայ անհատներու միջոցով, կազմակերպութիւնը կ՛աշխատին Միացեալ Նահանգներուն Հայ կանանց համազգային կազմակերպութեան հետ, որ Հայաստանի մէջ կը հովանաւորէ Հայ տուն կազմակերպութիւնը: «Հայ տուն կազմակերպութիւն կը յաճախեն տասներեքէն մեծ մանկատունը աւարտած երեխաներ, իսկ մենք անոնց համար կը մշակենք պաշտպանութեան եւ կրթական իրաւունքներու առնչուած ծրագիրներ: Հայաստանի մէջ շատ անգամ ընտանիքն է, որ պաշտպան կը կանգնի աղջիկներուն, իսկ այս [մեր տուն ապրող] աղջիկները ընտանիք չունին, ու մենք կ՛աշխատինք  ուժեղացնել զանոնք», կը բացատրէ ան: Կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի նաեւ «Յուսոյ այգի» երիտասարդ կանանց բարեգործական հիմնադրամին հետ, որ նմանատիպ կազմակերպութիւն մըն է:

«Ի հարկէ սփիւռքի մէջ ալ կան կանանց դէմ բռնութեան հարցեր, մանաւանդ ընտանիքներու մէջ: Երբ Զարուհի Պետրոսեանին հարցը պատահեցաւ, սփիւռքը եւս ոտքի ելաւ», կ՛ըսէ Ահարոնեան ու օրինակ տալով Լոս Անճելըսէն իրենց դիմողներուն մասին` կը հետեւցնէ, որ հայկական գաղութները լիուլի պատրաստ չեն զբաղելու այս գծով, թէեւ Լոս Անճելըսի պարագային եկեղեցին կը փորձէ բարձրացնել հարցը, բայց քիչ են նման դրութիւնները կ՛եզրափակէ ան: «Տարբերութիւնը սփիւռքին եւ Հայաստանին այն է, որ սփիւռքի մէջ կան տեղական միջոցներ, որոնք կրնան օգտակար դառնալ բռնութեան ենթարկուած կնկան, իսկ Հայաստանի մէջ եթէ ընտանիքը նեցուկ չկանգնի, եւ պետութիւնը չհետեւի, կինը կը մնայ ճարահատ: Հայաստանի մէջ կանանց համար հաստատութիւնները քիչ են եւ բոլորին չեն կրնար հասնիլ», կը նշէ ան:

Բացի բռնութեան ենթարկուած կիներուն պարագային անդրադառնալէ, որպէսզի գաղափար կազմենք, թէ տուեալ հասարակութեան մէջ կիները ճնշուած կ՛ապրին թէ ոչ, ան հարց կու տայ սփիւռքի մէջ հասարակութեան ղեկավարութեան մէջ կանանց ներկայութեան մասին, ու կը շարունակէ, որ, թէեւ կան տիկնանց միութիւններ, գաղութին ղեկավարութիւնը տղոց տրամադրութեան տակն է, «հետեւաբար սփիւռքի մէջ ալ պէտք ունինք կիները զօրացնելու», կ՛եզրափակէ Ահարոնեան:

Կանանց Իրաւունքները Եւ Մենք

Ամէնուրեք տեղի կ՛ունենան կանանց իրաւունքներու ոտնակոխումներ, որոնք դժբախտաբար շատ յաճախ հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնուին միայն այն պարագային, երբ խնդրոյ առարկան կը կորսնցնէ իր կեանքը: Անարդարօրէն, կանանց իրաւունքները խնդիրը շատ անգամ կը մնայ միայն կիներու կողմէն պահանջուած նիւթ ու տղոց մեծամասնութիւնը դաշտէն հեռու,  անտարբեր դիտելով մասնակից կը դառնայ այս դատին: Պէտք է գիտնալ, որ կիներու իրաւունքներու բռնաբարումը կը կատարուի ամբողջ հասարակութեան կողմէն, եւ ոչ միայն տղոց, իսկ անոր մասին խօսիլը եւ անոր համար պայքարիլը բոլորիս պարտականութիւնն է, քանի որ նաեւ անոնց ձեռքերուն մէջ կ՛իյնայ հասարակութեան զարգացումը:

 

Հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ օգոստոս 2013, Հայաստան

 

Share this Article
CATEGORIES