«Էլ. Էյ. Եու.»-ի Մէջ . Անչափահասները Կանուխ Ամուսնութենէ Պաշտպանելու Ազգային Արշաւի Մեկնարկ

Ձեռնարկի պաշտօնական բացում

Ձեռնարկի պաշտօնական բացում

Երեքշաբթի, 4 մարտ 2014-ին, Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի «Էլ. Էյ. Եու.»-ի «Իրուին» սրահին մէջ կատարուեցաւ Անչափահասները կանուխ ամուսնութենէ պաշտպանելու ազգային արշաւին մեկնարկը:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին, «Էլ. Էյ. Եու.»-ի եւ Արաբական աշխարհին մէջ կիներու յատուկ ուսումնասիրութեանց հիմնարկին կազմակերպութեամբ պատրաստուած այս արշաւին մեկնարկին հովանաւորեց Լիբանանի Առաջին տիկին եւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ուաֆա Սլէյման, որ ներկայացուեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի փոխնախագահին` Ռանտա Պըրրիի կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով երեսփոխաններ, նախարարներ, նախկին նախարարներ, տեղեկատուական մարզի ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով կնոջական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ, մարոնի համայնքի Ժպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ներկայացուցիչ զինուորականներ:

Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի խօսքը փոխանցեց Ռանտա Պըրրի, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած պարագաները եւ անոնց հետեւանքները զիրենք բոլորը մղած են լուսարձակի տակ առնելու անչափահասները կանուխ ամուսնութեան ունեցած վտանգները` կարճ ժամանակի ընթացքին անհատին վրայ, իսկ երկար ժամկէտի ընթացքին ընկերութեան վրայ:

Ձախէն աջ՝ դոկտ. Սամիրա Ակասի, Ֆատի Քարամ, Զոյա Ռուհանա, Առլեթ Թապեթ եւ Ֆաուզի Խամիս

Ձախէն աջ՝ դոկտ. Սամիրա Ակասի, Ֆատի Քարամ, Զոյա Ռուհանա, Առլեթ Թապեթ եւ Ֆաուզի Խամիս

«Անչափահասներու պսակը աղջնակի մը իրաւունքներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւն է եւ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անոր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան վրայ», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց Լիբանանի մէջ նման ամուսնութիւնները արգիլող օրէնքի մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը` համապատասխանելու համար Լիբանանի ստորագրած միջազգային համաձայնագիրներուն:

Պըրրի ընդգծեց, որ նման ամուսնութիւններ արգիլելով կանխարգիլած կ՛ըլլանք ընկերութեան մէջ ապագային ստեղծուելիք վատառողջ իրավիճակը:

Ան լիբանանեան պետութենէն պահանջեց նաեւ մշակել օրէնք մը, որ կինը կը պահպանէ իրեն դէմ գործուող բռնութիւններէն` աւելցնելով, որ անչափահասներու ամուսնութիւնը համազօր է բռնաբարութեան:

Այս արշաւին մեկնարկին առիթով խօսք առաւ «Էլ. Էյ. Եու.»-ի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Ժապրա. ան շեշտեց, որ համալսարանը իր հիմնադրուած թուականէն ի վեր ուխտի վերածած է Լիբանանի եւ շրջանին մէջ իգական սեռը բարձր մակարդակներու հասցնելու առաջադրանքը:

«Մեր առաքելութիւնն է ամրապնդել անոր մտաւոր, ընկերային եւ կրթական կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ զարգացնել անոր գիտակցութիւնը` զայն վերածելով ազգային բարգաւաճում եւ ընկերութեան զարթօնք ապահովող տարրի մը», ըսաւ Ժապրա:

Ապա իր խօսքը փոխանցեց Արաբական աշխարհին մէջ կիներու յատուկ ուսումնասիրութեանց հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Սամիրա Ակասի, որ դիտել տուաւ, թէ հիմնարկը յանձնառու է մնալու կիներու իրաւունքներուն պաշտապանութեան ռահվիրաներէն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ երկու սեռերու միջեւ հաւասարութեան պայքարը շարունակել:

Իր կարգին, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ անդրադարձաւ պետութենէն պահանջուած օրէնքներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը կեդրոնանան պատժական օրէնքներուն խստացումին եւ անչափահասներու ամուսնութեան արգիլումին վրայ:

Քաղաքացիական ընկերութեան ՔԱՖԱ կազմակերպութեան տնօրէն Զոյա Ռուհանա ակնարկեց անչափահասներուն ամուսնութեան` նկատել տալով, որ անիկա բռնի ամուսնութիւն կը նկատուի, որովհետեւ շատ մը պարագաներու անչափահաս աղջիկները նոյնիսկ չեն գիտնար ամուսնութեան մասին:

Ռուհանա խստիւ դատապարտեց լիբանանեան օրէնքները, որոնք անչափահասներու ամուսնութիւնը օրինական կը նկատեն:

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի աւագ դատախազ Առլեթ Թապեթ ընդգծեց, որ անչափահասներու ամուսնութեան հարցը փշոտ հարց է` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային դրութիւնը, աւելցնելով, որ հարկ է այդ իմաստով հսկողութիւնը ամրապնդել եւ անչափահասներուն ապահովութեան ու պաշտպանութեան յատուկ օրէնքներ մշակել:

Ռանտա Պըրրի կը պարգեւատրէ Ֆատի Քարամը

Ռանտա Պըրրի կը պարգեւատրէ Ֆատի Քարամը

Հաշուեքննիչ դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Ֆաուզի Խամիս նշեց, որ անչափահասներու ամուսնութիւնը նուրբ եւ զգայուն հարց է երկրին մէջ, որովհետեւ անիկա ուղղակի կը վերաբերի կրօնական դատարաններուն իրաւասութիւններուն:

Այս շրջագիծին մէջ դատախազ Խամիս նշեց  կրօնական դատարաններուն հետ իր ունեցած այս հարցերուն մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ քաղաքացիական դատարաններուն կողմէ տրուած վճիռները  կրօնական դատարաններուն իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւններ գործելու միտումով չեն կատարուիր:

Ան կոչ ուղղեց` մասնակցելու այսօր Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց կատարուելիք ձեռնարկին եւ անոր յաջորդելիք քայլարշաւին:

Հարկ է նշել, որ ազգային այս արշաւին մեկնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ ժապաւէն մը` պատրաստուած «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանին կողմէ: Ժապաւէնը ազդեցիկ էր եւ ցնցիչ` նկատի ունենալով, որ անիկա կը բովանդակէր անչափահաս հասակին պսակուած պարագաներու վկայութիւններ:

Անչափահասները կանուխ ամուսնութենէ պաշտպանելու ազգային արշաւին մեկնարկի աւարտին, Ռանտա Պըրրի նախագահին անունով պարգեւատրեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամը, անոր շնորհելով Մայրիներու «Սպայից» կարգի շքանշանը` առ ի գնահատանք լիբանանցի կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր անոր ճիգերուն, նախաձեռնութիւններուն եւ օրէնսդրական աշխատանքներուն:

KAFA_TSUYTS

Share this Article
CATEGORIES