«Լիբանանեան Ընկերութեան Մակարդակը Պէտք Է Բարելաւել Ամէն Գնով Եւ Ամէնէն Արագ Միջոցին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սօսի Փօլատեան
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Կիներու միջազգային տօնին առիթով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպած յատուկ արշաւին եւ անոր հետապնդած նպատակներուն վրայ լուսարձակները կեդրոնացնելու աշխատանքին ծիրին մէջ, «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի վարչութեան անդամ Սօսի Փօլատեանի հետ, որ մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ արշաւին կազմակերպման ջանքերուն:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի վարչութեան անդամ Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը տարեկան դրութեամբ կը հետապնդէ իր արշաւները` իւրաքանչիւր տարուան համար ընտրելով այնպիսի թեմաներ, որոնք կը հետաքրքրեն կիները` անոնց իրաւունքները ապահովելու ուղիին վրայ:
«Անցեալ տարուան մեր արշաւը հիմնականին մէջ կը կեդրոնանար կիներուն կողմէ իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքին վրայ: Այս իմաստով հսկայ արշաւ մը կատարուեցաւ, եւ մեր կազմակերպած ուսումնասիրութիւնները ու անոնց հիման վրայ ճշդուած արդար պահանջները փոխանցուեցան խորհրդարան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ թէեւ այս մասին խորհրդարանին ներկայացուցած մերժումի պատճառաբանութիւնները ընդունելի չէին, բայց եւ այնպէս անոնք հասկնալի էին` նկատի ունենալով այդ հարցին քաղաքական տուեալներն ու դիմագիծը:
Ս. Փօլատեան շեշտեց, որ խորհուրդին աշխատանքը այս իմաստով հետեւողական կերպով կ՛ընթանայ, եւ հաւանաբար մօր մը կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու օրէնքը առաջին հերթին կիրարկուի լիբանանցի կնոջ պարագային, իսկ երկրորդ հերթին պաղեստինցի կնոջ:
Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին այս տարուան հետապնդած արշաւը տարբեր բնոյթ եւ զանազան երեսներ ունի, ըլլան անոնք քաղաքական, առողջապահական թէ կրօնական, սակայն ընդհանուր առումով այդ արշաւը կը նկատուի ընկերային բնոյթ ունեցող նիւթ մը: «Հիմնականին մէջ այս արշաւը կը կեդրոնանայ կիներու դէմ գործուող բռնութիւններուն, յատկապէս բռնաբարումին եւ այդ արարքին մաս կազմող յատուկ իրականութեան մը, որն է անչափահասներու «ամուսնութիւնը», որ ինքնին բռնաբարումի ձեւ մըն է:
«Նախապէս խորհուրդը լայն անդրադարձ կատարած է բռնաբարումի թեմային, սակայն այս տարուան արշաւը թիրախ կը դարձնէ անչափահասներու ամուսնութիւնը, որ մեզի համար ամուսնութիւն չէ, այլ բռնաբարութիւն է: Թէ ինչո՞ւ բռնաբարում. որովհետեւ անչափահաս աղջնակին մանկութիւնը կը գողցուի եւ անոր կը յանձնուին պարտականութիւններ, որոնք հսկայական են իրեն համար եւ անկարելի է, որ ան յաջողի դուրս գալ այդ պարտականութիւններուն բեռէն», ըսաւ ան:
Ս. Փօլատեան շեշտեց, որ անչափահասներու բռնաբարումի պարագաները դժբախտաբար վերջերս աճ արձանագրած են, եւ դատաւորներն են, որոնք եղած են այս երեւոյթին անդրադարձող առաջին ռահվիրաները:
Ան ընդգծեց, որ դատաւորներուն մօտ արձանագրուած անչափահասներու ամուսնութիւնները եւ անոր զուգահեռ ընթացող ամուսնալուծման պարագաները մղած են զանոնք անդրադառնալու այս հրատապ հարցին:
«Դատական իշխանութիւններուն կողմէ մեր ուշադրութեան յանձնուած այս ընկերային հարցը մենք որոշեցինք լուսարձակի տակ առնել եւ այդ մասին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին «Էլ.Էյ.Եու.»-ի հետ` նկատի ունենալով, որ խորհուրդը նախապէս այս համալսարանին հետ գործակցելու համաձայնագիր մը ունի: Ուսումնասիրութեան դատական եւ օրէնսդրական հետապնդումը կատարելու առումով մեզի օժանդակեցին դատաւորներ Ֆաուզի Խամիս եւ Առլեթ Թապեթ. գործակցեցանք նաեւ «Քաֆա» կազմակերպութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան շրջանակներուն հետ եւ անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին պատրաստեցինք ուսումնասիրութիւնը, որ ենթահողն էր այս տարուան «Կիներու միջազգային օրուան» առիթով յայտարարուելիք արշաւին», ըսաւ Ս. Փօլատեան:
Արշաւի թեման ընտրելու դրդապատճառներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ս. Փօլատեան հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը եւ սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը պատճառ դարձած են, որ այս իրականութիւնը շօշափելի դառնայ:
«Գաղթականներուն դիմագրաւած պայմանները գէշ են, եւ տարրական կարիքներու եւ համեստ պայմաններու մէջ գտնուող այս ընտանիքները, որոնք բաւարար գիտակցութիւն եւ զարգացում ալ չունին, պատրաստ են ամէն ի՛նչ ընելու` նիւթականի փոխարէն: Այս իրականութենէն է, որ տան տղամարդը, հիմնականին մէջ հայրը իր անչափահաս աղջիկը կը վաճառէ օտարի մը, որ ուղղակի առեւտուրի հոգեբանութեամբ կը մօտենայ հարցին եւ պսակէն ետք յարաբերութիւնը կ՛ըլլայ զուտ բռնաբարում, շատ անգամ նաեւ վերածուելով անբարոյութեան, թմրամոլութեան եւ այլ յոռի երեւոյթներու:
«Յաճախ նաեւ կը պատահին պարագաներ, երբ կիները փախուստ կու տան իրենց ամուսիններէն, սակայն անոնք կ՛իյնան այլ փորձանքներու եւ դժբախտութեան մէջ: Անչափահասներու պսակը պատճառ կը դառնայ խնդրոյ առարկայ աղջկան մօտ առողջական հարցերու, իսկ յղութեան պարագային կրնան ստեղծուիլ ապառողջ պայմաններ: Այս բոլորէն անկախ, այդ աղջիկը պիտի դառնայ մայր, երբ մայր դառնալու որեւէ տուեալ չունի: Նման ամուսնութիւններ պատճառ պիտի դառնան, որ ամբողջ ընկերութիւն մը փճացած դուրս գայ, հետեւաբար խորհուրդին նպատակն է անհատական մակարդակի վրայ արդէն իսկ վերջ տալ այդ հարցին», ընդգծեց Ս. Փօլատեան:
Այս երեւոյթը կանխարգիլելու կարելիութիւններուն մասին խօսելով` Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ Լիբանանի դաւանանքային երկիր մը ըլլալու դրութիւնը բաւական կը դժուարացնէ այդ աշխատանքը` նկատի ունենալով, որ յստակ օրէնքներ չկան, այլ առկայ են աւանդութիւններ կամ անգիր օրէնքներ, որոնց հիման վրայ տիւրզի համայնքին մօտ աղջկան պսակի ատակ տարիքը 9-ը տարեկանն է, շիիներուն մօտ` 14-ը, մինչ սիւննի յարանուանութեան մօտ` 12-13-ը: Քրիստոնեաներուն մoտ չկայ նման օրէնք, թէեւ կրօնաւորները կը պահանջեն 18 տարիքը ամբողջացնել, սակայն եթէ անոնք հանդիպին պարագաներու, որոնք կը փափաքին անչափահաս տարիքի պսակուիլ, չեն կրնար մերժել եւ զանոնք կը պսակեն:
Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ այս հարցին լաւագոյն լուծումը նման «պսակներու» արգիլումն է: «Մենք կ՛ուզենք, որ մշակուի օրէնք մը, որուն հիման վրայ ամուսնութեան նուազագոյնը 18 տարիք որդեգրուի: Ինքնաշարժ վարելու կամ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային քուէարկելու յստակ օրէնքներ կան, քաղաքական օրէնքներ, որոնք մշակուած են ու կը գործադրուին: Մեր գլխաւոր նպատակը այն է, որ մշակուի այս օրէնքը եւ գործադրուի, որպէսզի համայնքային թէ յարանուանական այլ հարցերն ալ լուծուին», ըսաւ ան:
Ս. Փօլատեան աւելցուց, որ 6 յունիս 2002-ին խորհրդարանը մշակած է թիւ 422 օրէնքը, որ մանուկներու պաշտպանութեան օրէնքն է, որ սակայն չի գործադրուիր: Այս օրէնքին համաձայն, պէտք է անչափահասները իրաւունք ունենան ներկայանալու դատարան եւ անոնց ձեւով մը պաշտպանութիւն տրամադրուի, նոյնիսկ պատսպարան ապահովելու իմաստով:
«Մեր գլխաւոր պահանջներէն մէկը նաեւ այն է, որ պատժական օրէնքները խստօրէն գործադրուին, հիմնականին մէջ անչափահասը վաճառողին, գնողին եւ անոնց միջնորդին դէմ: Թիւ 495, թիւ 498, թիւ 617 եւ թիւ 618 պատժական օրէնքները արդէն իսկ գոյութիւն ունին, սակայն մենք կը պահանջենք խստացնել այդ օրէնքը», ըսաւ ան:
Լիբանանեան օրէնքներուն մասին շարունակելով խօսիլ` Ս. Փօլատեան ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր սահմանադրութեամբ կը խոստանայ պաշտպանել լիբանանցի քաղաքացին, 1990-ին Լիբանան Նիւ Եորքի համաձայնագիրին հաւանութիւն յայտնած է, հետեւաբար ան պէտք է գործադրէ նաեւ այդ համաձայնագիրը, որ իր կարգին կը պահանջէ անչափահասներու պաշտպանութիւնը:
«Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ստորագրած է այս բոլոր համաձայնագիրները, ուրեմն ան պատասխանատու է այս ընթացքին: Այսինքն անչափահասին ծնողքին կողքին լիբանանեան պետութիւնը իր քաղաքացիները պաշտպանելու պատասխանատուութիւն ունի եւ եթէ ան չի պաշտպաներ` այս պարագային անչափահասը, հետեւաբար ան մեղսակից է եղածին», շեշտեց Ս. Փօլատեան:
Ան դիտել տուաւ, որ պետութենէն իր պահանջներուն կողքին Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը քաղաքացիական ընկերութենէն եւ անոր կազմակերպութիւններէն կը պահանջէ տարածել նման ամուսնութիւններու կանխարգիլման միջոցները: Լիբանանեան հեռաւոր գիւղերու եւ այլ շրջաններուն մէջ դպրոցներ չկան, ուրեմն այս հարցը պէտք է լուծուի, եւ քաղաքացիական ընկերութիւնը պէտք է պահանջէ, որ պետական դպրոցներ բացուին այդ շրջաններուն մէջ:
Ս. Փօլատեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանի մէջ նուազագոյն ուսման մակարդակի բարձրացումը` աւելցնելով, որ երբ աշխարհը, գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը կը զարգանան կարելի չէ ընդունիլ, որ լիբանանցի աշակերտը պաքալորէայէն նուազ ուսում ստանայ: «Այս օրէնքին առնչութեամբ աշխատանք պէտք է տանի կրթութեան նախարարութիւնը: Քաղաքացիական ընկերութիւնը պէտք է աշխատի նաեւ այն իմաստով, որ գիտութիւն տարածէ նաեւ անչափահասին առողջապահական հարցերուն մասին, որովհետեւ անչափահասին ամուսնութեան պարագային անիկա կրնայ առողջական լուրջ հարցեր ունենալ, ինչպէս` արեան տկարութիւն, արգանդի վերաբերող հարցեր եւ հոգեկան շարք մը խնդիրներ», աւելցուց ան` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով աղջիկները չստորադասելու եւ չլուսանցքայնացնելու կարեւորութիւնը:
Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը օղակ մըն է, որ պէտք է լաւապէս պահպանուի` կազմելու համար ընկերութիւն կոչուող շղթան եւ տոկուն դարձնելու համար զայն:
«Անչափահասը երբ դպրոց գացած է արդէն զարգացում եւ գիտակցութիւն ունի, հետեւաբար խօսելու եւ ինքնապաշտպանութիւն կատարելու նուազագոյն կարողութիւնը պիտի ունենայ», դիտել տուաւ ան:
Ս. Փօլատեան շեշտեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը անչափահասներու կանուխ պսակէ պաշտպանելու ազգային արշաւը գործադրած է «Էլ.Էյ.Եու.» համալսարանին եւ Արաբական աշխարհին մէջ կիներու յատուկ ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին հետ:
«Ճիշդ է, որ Լիբանանը կը դիմագրաւէ քաղաքական հարցեր, որոնք ընդհանրապէս առաջնահերթ կը դասուին, սակայն կայ ընկերութիւն մը, որ կը փճանայ եւ կարելի չէ ընդունիլ, որ արաբական ամէնէն զարգացած երկիրը նկատուող Լիբանանը նման ընկերութիւն ունենայ. ասիկա շատ մտահոգիչ է: Զուր տեղ պէտք չէ հպարտանալ, այլ ընկերութեան մակարդակը պէտք է բարելաւել», հաստատեց ան:
Այս արշաւին շրջագիծին մէջ Ս. Փօլատեան ընդգծեց նաեւ մամուլին եւ լսատեսողական միջոցներուն բերած դրական ներդրումը` կիներուն դէմ գործուած բռնութիւնները լուսարձակի տակ առնելով:
Անդրադառնալով այսօր տեղի ունենալիք քայլարշաւին, Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ այդ մէկը կազմակերպուած է քաղաքացիական ընկերութեան «Քաֆա» կազմակերպութեան կողմէ, որ նաեւ առաջարկած է զօրակցիլ այդ քայլարշաւին, իսկ խորհուրդը ընդառաջած է:
«8 մարտը ճիշդ օրն է կիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ապահովող շարունակական աշխատանքն ու արշաւները նաեւ այլ ձեւերով դրսեւորելու եւ ամրապնդելու: Քայլարշաւը ընդհանուր առմամբ կիներուն դէմ գործուած բռնութիւնները դատապարտելու կարգախօսին տակ պիտի կատարուի», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով լիբանանահայ շրջանակներուն` Ս. Փօլատեան յայտնեց, որ քաջալերական է մասնակցիլ նման քայլարշաւներու եւ նախաձեռնութիւններու: «Պէտք չէ մոռնալ, որ հայ երիտասարդը մաս կը կազմէ լիբանանեան ընկերութեան եւ պէտք է ինք ալ իր դերակատարութիւնը ունենայ` կանխարգիլելու համար ընկերութիւնը փճացնող այս ախտերը: Կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն` մասնակցելու նման արշաւներու, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը եւս անմասն չի մնար այս հարցերէն, որոնք քիչ են համեմատութիւններով, սակայն այս արշաւներուն ընդմէջէն լիբանանահայութիւնը նուազագոյն վնասով դուրս գայ այս հարցերէն», եզրափակեց Ս. Փօլատեան:


