Ռոնալտօ. «Այնպէս Կը Թուի, Որ Նէյմար Մեսսիի Օգնականն Է»
Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Ռոնալտօ, խօսելով ակումբի յառաջապահ Նէյմարի մասին, ըսած է, որ այնպէս կը թուի, որ ան Լիոնել Մեսսիի օգնականն է:
«Ներկայիս Նէյմար կը գտնուի Մեսսիի շուքին տակ: Բայց եւ այնպէս ատիկա չի նշանակեր, որ ան այդքան ալ մեծ արժէք ներկայացնող ֆութպոլիստ մը չէ: Ընդհակառակն, ան կը նկատուի Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յաջողութեան գլխաւոր բանալիներէն մէկը եւ անոր հիմնական յոյսը», կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` մէջբերելով անոր խօսքերը:
CATEGORIES Մարզական

