Մեսսիի Համար Մանչեսթըր Սիթի Պատրաստ Է Վճարելու 200 Միլիոն Եւրօ

messi-0703Միջազգային լրատուամիջոցներուն համաձայն, որոնց կարգին` «Էլ-Քոնֆիտենսիալ», Մանչեսթըր Սիթի կը պատրաստուի պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացնելու` իր կազմին միացնելու համար Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին:

Կ՛ըսուի, որ անգլիական ակումբը անոր փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 200 միլիոն եւրօ:

Ատկէ բացի, Սիթի կը փափաքի, որ Մեսսի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը` տարեկան անոր վճարելով 25 միլիոն եւրօ:

Մեսսիով հետաքրքրուած է նաեւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն:

 

Share this Article
CATEGORIES