30 Մարտին. Պայքաթոնի Մրցում` Թրիփոլիի Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սոշըլ Ուէյ» եւ «Կրին Մայնտ» կազմակերպութիւններուն, 30 մարտին հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Պայքաթոնի մրցում մը` «Թրիփոլին` խաղաղութեան քաղաք» անուան տակ: Անիկա յատկացուած պիտի ըլլայ տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու մրցումներուն:

Արձանագրութիւնները պիտի կատարուին «Սփինիս»-ի Թրիփոլիի մասնաճիւղին մէջ, կարելի է նաեւ կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին` 71-873864:

Նշենք, որ այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու իմաստով երկուշաբթի, 10 մարտին Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը:

Share this Article
CATEGORIES