Լիբանանահայեր Սարգիսեան Եւ Տեմիրճեան Պիտի Վարեն «Մաքլարըն»-ը` «Ճի. Թի.»-ի Ախոյեանութեան

Շահան Սարգիսեան (աջին) եւ Ալեքս Տեմիրճեան
Երկու լիբանանահայեր` Շահան Սարգիսեան եւ Ալեքս Տեմիրճեան, պիտի հանդիսանան առաջին լիբանանցիները, որոնք «Ճի. Թի.»-ի ախոյեանութեան պիտի վարեն «Մաքլարըն» ինքնաշարժը, եւ այդ մէկը` յառաջիկայ ամիս, երբ տեղի ունենան «Պլանփեն Էնտիւրընս»-ի մրցումները:
Անոնք երկուքը այժմ առիթը ունին միանալու կա՛մ Ֆոն Ռայըն Ռէյսինկ (անգլիական) եւ կա՛մ Փութսըն Ժինիոն (պելճիքական) խումբերէն մէկուն, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ անոնք երկուքն ալ առաջին խումբին հետ յատուկ փորձեր կատարեցին անգլիական Սնիթըրթոնի վազքուղիին վրայ` վարելով «Մաքլարըն Էմ. Փի. 12-4 Սի.» ինքնաշարժը:
Նշենք, որ Սարգիսեան ծանօթ անուն մըն է անգլիական «Ֆորմիւլա-Ռընօ»-ի մրցումներուն, որոնց ընթացքին յաջողած է ձեռք ձգել լաւ արդիւնքներ:
Ինչ կը վերաբերի Տեմիրճեանի, ան բաւական մեծ փորձառութիւն ունի այս մարզին մէջ: Ան իր ասպարէզը սկսած է Ֆրանսայի մէջ: Տարիներ հեռու մնալէ ետք, ան վերստին որոշեց վերադառնալ մրցասպարէզ:

