Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Ժամալ Շամիէ` Առաջին Դիրքին Վրայ

CHESS-2-0703Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ժամալ Շամիէ յաղթելէ ետք Մահմուտ Մաասարանիի, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը` ապահովելէ ետք առաւելագոյն 4 կէտը: Անոր նման նոյնքան կէտ ունի նաեւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Էլի Ասմար:

5-րդ հանգրուանին Շամիէ եւ Ասմար պիտի ճակատին իրարու դէմ:

3-րդ դիրքին վրայ, 3 կէտով կը գտնուի Ապտել Ազիզ Մահմուտ:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, միակ հայ մասնակցողն է Գրիգոր Օգնայեան:

 

Share this Article
CATEGORIES