50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 29 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

ՍՈՒՐՀԱՆԴԱԿ ԱՂԱՒՆԻՆԵՐ

Ճափոնի մեծագոյն թերթերէն «Աշաքի» վերջերս արձակած է 210 սուրհանդակ աղաւնիներ, որոք տարիներէ ի վեր իր ամէնէն հաւատարիմ աշխատակիցներն են: Բնականաբար, Ճափոնի բոլոր թերթերը, ունին հեռատիպ, հեռաձայն եւ նոյնիսկ սաւառնակ: Սակայն, յաճախ կը պատահի, որ հեռագիրները ուշանան խանգարումի մը կամ խճողումի պատճառով: Այդ պարագային, աղաւնիները կը ստանձնեն գլուխ հանել այդ առաքելութենէ:

ԲԱՐՁՐ ԿՐՈՒՆԿԸ ԱՐԳԻԼՈՒԵՑԱՒ

Հարաւային Քորէայի կրթական նախարարութիւնը հրատարակած է հրովարտակ մը, որով դպրոցական աղջիկներուն կ՛արգիլուի բարձր կրունկով կօշիկ հագուիլը: Նմանապէս կ՛ըսուի, թէ դպրոցական աղջիկները պէտք է քորէական ոճով պարզ ու համեստ ներքնազգեստներ հագուին:

ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ԿԱՐԴԱՑՈՂՆԵՐԸ

Անգլիացիք աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն ամէնէն շատ թերթ կարդացողներն են, հազար հոգիի վրայ, ամէն օր կը ծախուի 573 թերթ: Երկրորդ կու գան շուէտացիք, որոնք հազար հոգիին վրայ օրական 464 թերթ կը գնեն: Երրորդ տեղը կը գրաւեն լիւքսէմպուրցիք` 429 եւ ֆինլանտացիք` 420 թերթով: Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն մեծ թիւով օրաթերթեր լոյս կը տեսնեն, բայց հազար ամերիկացիներէն 327-ը թերթ կը կարդան:

ՄԻԱՅՆ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿՈՎ…

Ամերիկացի տոքթ. Պրսու պատրաստած է կարկանդակ մը, որ կը պարունակէ այն բոլոր նիւթերը, որոնց պէտք ունի մարդ սնանելու համար: Այսպէս, կրնայ միայն կարկանդակ ուտել եւ չնիհարնալ բնաւ: Տոքթ. Պրսու առաջին փորձը կատարած է իր վրայ: Տասնհինգ օր շարունակ միայն իր պատրաստած կարկանդակէն կերած եւ եօթը լիթր ջուր խմած է: Տասնվեցերորդ օրը լրագրողները հրաւիրելով անոնց հաղորդած է, թէ 1500-րդ կարկանդակը կ՛ուտէ եւ իր ծանրութենէն ոչ իսկ մէկ քիլօ կորսնցուցած է:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ՌՈՒՍԵՐԷՆ ԱՌԱ՞Ջ
ԼՈՒՍԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆ

«Միացեալ Նահանգները մեծ հաւանականութիւններ ունին սովետներէն առաջ լուսին մարդ մը իջեցնելու համար», յայտարարեց ՆԱԶԱյի տնօրէն Ճէյմս Ուէպ:

«Մինչեւ հիմա, ռուսերու առաւելութիւնը եղաւ այն, որ մերինէն աւելի զօրաւոր հրթիռներ ունէին: Սակայն, շնորհիւ «Սաթիւրն» հրթիռներուն, Միացեալ Նահանգները մօտ ատենէն 450 հազար մղումով հրթիռներ պիտի ունենան»:

————————————————————————————————-

ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Երկուշաբթի, 26 յունիսի երեկոյեան ժամը ճիշդ 8:00-ին տեղի ունեցաւ Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսը:

Ծնողներու եւ հանդիսականներու հոծ բազմութիւն մը փութացած էր տեղ գրաւելու:

Շրջանաւարտներու մուտքէն ետք` յոտնկայս ունկնդրուեցաւ պետական քայլերգը, զոր դաշնակի վրայ կը նուագէր ռումանահայ Ալիս Գոլանճեան:

Ապա, վարժարանի բարձրագոյն կարգերու երկսեռ աշակերտներէն կազմուած քառաձայն երգչախումբը ներդաշնակօրէն երգեց «Հայր մեր»ը, ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի:

Ս. Գրոց ընթերցումէն ետք վարժարանի տնօրէնը կարդաց միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ըստ որում, 1960-61 դպրոցական տարեշրջանին  վարժարանը ունեցած է աւելի քան 600 աշակերտներ, 30-32 կազմով:

Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխում: Մրցանակ ստացան իւրաքանչիւր կարգի ուսման առաջնութիւնն ու երկրորդութիւնը շահող աշակերտներ:

Մրցանակաբաշխումէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում. վկայական ստացան Ե. դասարանի 37 աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնցմէ ետք վկայական ստացան ԺԱ. դասարանի հետեւեալ աշակերտները.

Սոնա Պ. Ատրունի, Մերուժան Կ. Գաբանեան, Գոհարիկ Կ. Քիւփէլեան, Մանուկ Վ. Յակոբեան, Աբիկ Տ. Մանճիկեան, Կայծակ Ն. Պոյաճեան եւ Աւետիս Ճ. Պոզապալեան:

Տնօրէնի յաջողութեան մաղթանքէն ետք` երգչախումբը, խանդավառ երգեց Կ. Զաքարեանի «Ուսանողական վալս»ը:

Ծնողներ մեկնեցան խոր գոհունակութեամբ ու հոգեկան բաւարարութեամբ:

Հ. ԱՃԷՄԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES