ՆԱՆԻ. «ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԸ ԼՔԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՉԵՄ ՄՏԱԾԵՐ»

Նանի

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի մարզիկ Նանի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ հակառակ Էշլի Եանկի ժամանումին, ինք երբեք չի մտածեր իր ակումբը լքելու մասին:

24 տարեկան Նանի ըսաւ, որ անոր ժամանումը «Օլտ Թրեֆորտ» իրեն համար նոր մարտահրաւէր մըն է` հիմնական կազմին մաս կազմելու համար իր մղած պայքարին մէջ, այնպէս ինչպէս այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին մէջ, ուր իր դէմ ունի Քրիսթիանօ Ռոնալտոն:

Ան իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք, որ ան միացաւ մեր կազմին: Կ՛ուզենք եւ կը փափաքինք յաւելեալ մարզիկներու ժամանումն ալ, որպէսզի անոնց ներկայութեան տիրանանք յաւելեալ տիտղոսներու»:

Share this Article
CATEGORIES