Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ` Կատարողութեամբ Քնարային Սոփրանօ Լէոնորայի (Արեւիկ Գրիգորեան)

hamaz-07032014Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, երէկ` ուրբաթ, 7 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան բացառիկ երեկոյ մը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

hamaz1-07032014Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած այս իւրայատուկ ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ իր խօսքին մէջ բարի գալուստ եւ հաճելի ունկնդրութիւն մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր` իր ներկայութեան համար, իսկ Ցոլինէ Խաչատուրեանին` իր հովանաւորութեան համար:

Դասական երաժշտութեան երեկոյին ելոյթ ունեցաւ քնարային սոփրանօ Լէոնորա (Արեւիկ Գրիգորեա), որ իր հմայիչ ձայնով եւ մասնագիտական բարձր ընդունակութեամբ մեկնաբանեց հայերէն, ռուսերէն եւ օտար դասական երգեր: Արեւիկ Գրիգորեանին դաշնակի վրայ կ՛ընկերակցէր «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աւարտական դասարանի աշակերտ Նարէ Աղասարգիսեան:

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուած ընդմիջումով մը ելոյթ ունեցան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Սագօ Հալլաճեան եւ Մարինէ Հալլաճեան:

Նշենք, որ Արեւիկ Գրիգորեան ներկայիս կը պաշտօնավարէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցին մէջ` իբրեւ ձայնամարզութեան ուսուցչուհի:

hamaz2-07032014

 

Share this Article
CATEGORIES