«Ազդակ-Արաբերէն»-ը Կը Հակազդէ Արաբական Մամուլին Մէջ. Ազրպէյճանական Հակահայ Քարոզարշաւին

Նախապէս նշած էիք, թէ Խոջալուի 22-րդ ամեակի առիթով ազրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւ մը տեղ գտած էր արաբական մամուլին մէջ: Էմիրութիւններու «Պայան», Քուէյթեան «Ռայ» թերթերը, ինչպէս նաեւ արաբական կարգ մը կայքեր, ինչպէս` «Նաշաթաք», «Սաֆուա» եւ «Նունփոսթ» անդրադարձած էին Ազրպէյճանի դեսպանատան կազմակերպած ձեռնարկին եւ Խոջալուի ջարդերը որակած էին իբրեւ «Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի ոճիրներէն մէկը»:

Հրապարակուած էր նաեւ «Խոջալուի ջարդը եւ Ազրպէյճանի մէջ հայերու ֆաշականութիւնը» վերնագիրով հակահայ յօդուած մը, որ կը պնդէ, թէ Խոջալուի ջարդը շարունակութիւնն է հայերուն կողմէ գործադրուած ջարդերու շարքին:

Առ այդ, «Ազդակ-արաբերէն»-ի խմբագրութեան անունով նշեալ թերթերու եւ կայքերու խմբագրութիւններուն ուղարկուեցան պատասխան նամակներ, որոնց մէջ բացատրուեցաւ հայկական տեսակէտը նշուած նիւթին վերաբերեալ` վկայակոչելով ազրպէյճանական աղբիւրներ: Պատասխան նամակներուն մէջ «Ազդակ-արաբերէն»-ի խմբագրութիւնը զգուշացուց որ նման անճիշդ տուեալներ հրապարակելով խեղաթիւրուած կ՛ըլլայ պատմական իրականութիւնը, եւ լրատուամիջոցները հրաւիրեց անաչառ ըլլալու եւ արաբ ընթերցողին փոխանցելու ճշգրիտ տուեալներ:

Share this Article
CATEGORIES