Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ահտ Եւ ՀՄԸՄ – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը հիւրընկալէ Ահտը:

Տեղի ունենալիք այս մրցումէն քանի մը ժամ ետք, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հարըֆ Ըրտէ Խէյրին: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:15-ին:

Share this Article
CATEGORIES