Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի, Ապա` ՀՄԸՄ – Պիլիվըրզ
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտը, այսօր` շաբաթ, 8 մարտին, ականատես պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի երկու խումբերուն կատարելիք մրցումներուն:
Առաջին մրցումին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն գծով պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Թէեւ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին ՀՄԸՄ 79-58 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիէն` Մանարայի մէջ, սակայն այժմ կացութիւնը բաւական բարելաւուած է, եւ ՀՄԸՄ-ի կազմը, իր ցուցադրած ներկայացումներով, սկսած է լուրջ վտանգ մը ըլլալ Ա. դասակարգի խումբերուն, որոնք բաւական կը զգուշանան թէ՛ խումբէն եւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի «զօրաւոր» համակիրներէն:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի կատարելիք մրցումը` Պիլիվըրզի դէմ (ժամը 19:00-ին), աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ – Ռիատի մրցումին կիսախաղի դադարին պիտի ներկայացուի աղջկանց նոր կազմը` ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն եւ մարզական լրագրողներուն:
Այսօրուան յայտագիրին (աղջիկներ) վրայ են նաեւ Պըրժ Այնթուրա – Անդրանիկ (Այնթուրայի դաշտ, ժամը 18:00-ին) եւ Մութթահետ – Հուփս (Սաֆատի, ժամը 18:00-ին) մրցումները:
Նշենք, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցած բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք, յետ երկարաձգման աւարտեցաւ Սաժես – Ամշիթ մրցումը` 96-92 արդիւնքով, ի նպաստ Ամշիթի (17-18, 38-49, 67-65 եւ 85-85):
Չարլզ Թոմաս (Սաժես) նշանակեց 31 կէտ, մինչ Ժերեմի Մէյսիյ (Ամշիթ)` 30 կէտ:

