Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-Ի. Պապը Սպառնացած Է Իսրայէլ Իր Այցելութիւնը Ջնջել

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Ֆրանչիսկոս պապը սպառնացած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն կողմէ Իսրայէլ իր այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները չկատարելու պարագային այդ այցելութիւնը ջնջել:

Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարութեան հետ իրենց աշխատավարձերու յաւելման շուրջ բանակցութեանց ձախողութենէն ետք գործադուլ յայտարարած էին: Ըստ օրաթերթին, անոնք Վատիկանի դեսպանին յայտնած են, որ պապին այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները պիտի չկատարեն: Պաշտօնեաները նաեւ սպառնացած են այդ այցելութեան համակարգման համար Թել Աւիւ այցելող վատիկանեան պատուիրակութիւնը չդիմաւորել:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի մէջ Վատիկանի դեսպանը Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պատշիրային բաժանմունքի տնօրէնին յայտնած է, որ եթէ այցելութեան նախապատրաստութիւն տեղի չունենայ, ապա պապը իր այցելութիւնը պիտի ջնջէ:

Ֆրանչիսկոս պապը նախապէս յայտարարած էր, որ 25-26 մայիսին մտադիր է պաղեստինեան հողամասեր եւ Իսրայէլ այցելել:

 

Share this Article
CATEGORIES