Ռուսիոյ Խորհրդարանի Երկու Պալատները Կ’ողջունեն Խրիմի Մէջ Հանրաքուէ Կատարելու Որոշումը

Crimea-Moscow

Ռուս երեսփոխանները կ՛ողջունեն Խրիմի խորհրդարանի նախագահը

Ռուսիոյ խորհրդարանի երկու պալատներու նախագահները յայտնեցին, որ պիտի աջակցին Խրիմին, եթէ 16 մարտին նախատեսուած հանրաքուէին ընթացքին որոշէ Ուքրանիայէն անջատուիլ:

Խրիմի խորհրդարանի անդամներու հետ իր հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալեթնիա Մաթվիենքօ ըսաւ, որ այդ պարագային թերակղզին պիտի ընդունուի իբրեւ Ռուսիոյ մէկ մասը:

«Եթէ Խրիմի ժողովուրդը հանրաքուէի ընթացքին Ռուսիոյ միանալու որոշումը որդեգրէ, մենք` իբրեւ վերին պալատ, անշուշտ այդպիսի որոշումի մը պիտի աջակցինք», ըսաւ Մաթվիենքօ: Խորհրդարանի ստորին պալատի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին համամիտ գտնուեցաւ եւ ըսաւ. «Մենք կ’աջակցինք Խրիմի ժողովուրդի ազատ եւ ժողովրդավարական ընտրանքին»:

Մինչ այդ, աւելի քան 65 հազար անձեր Քրեմլինի առջեւ հաւաք մը կատարեցին` առ ի զօրակցութիւն Խրիմի իշխանութեանց:

Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսէնի Եացենիուք յայտնեց, որ «քաղաքակիրթ աշխարհէն ոչ ոք» պիտի ճանչնայ Ռուսիոյ միանալու շուրջ հանրաքուէին արդիւնքը: Վարչապետը եւ Քիեւի կառավարութենէն ուրիշներ հանրաքուէն «հակասահմանադրական» եւ «ապօրինի» որակեցին:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մերժեց Արեւմուտքի միջնորդութեամբ բանակցութեանց կոչերը: Ան ըսաւ, որ Խրիմի եւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ազգամիջեան հալածանքներու վտանգը գոյութիւն ունի, եթէ «Քիեւի մէջ յեղաշրջումին ետին կանգնողները» այդ շրջաններ հասնին:

Խրիմի խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Քոնսթանթինով խոստացաւ իր կարելին ընել, որպէսզի Ռուսիոյ հետ վերամիաւորուի ոչ միայն Խրիմը, այլեւ ամբողջ Ուքրանիան:

Փութինը Օպամային. «Ռուսիա Չի Կրնար
Անտեսել Խրիմի Կոչերը»

Քրեմլինի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա չի կրնար անտեսել Խրիմի կողմէ իրեն ուղղուած օգնութեան կոչերը եւ այս կացութեան մէջ կը գործէ համարժէք` միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն լիովին համապատասխան:

Փութին նաեւ ընդգծած է ռուս¬ամերիկեան յարաբերութիւններու առաջնահերթ կարեւորութիւնը` աշխարհի վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար` նշելով, որ անոնք պէտք չէ դառնան միջազգային խնդիրներու շուրջ առանձին, թէեւ կարեւոր տարակարծութեանց զոհ:

Սպիտակ տան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Օպամա իր կարգին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ գործողութիւնները կը խախտեն Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ան նշած է, որ կայ կացութիւնը դիւանագիտական ճամբով լուծելու միջոց: Ըստ անոր, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կառավարութիւնները պէտք է միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ կայացնեն ուղղակի բանակցութիւններ, միջազգային դէտերը պէտք է ապահովեն բոլոր ուքրանացիներուն, ներառեալ` ազգութեամբ ռուսերու իրաւունքներու յարգումը, ռուսական զօրքերը պէտք է վերադառնան իրենց զօրակայանները, իսկ միջազգային ընտանիքը միացեալ ջանքերով պիտի աջակցի ուքրանացի ժողովուրդին` պատրաստուելու մայիսի ընտրութիւններուն:

Օպամա աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի պիտի շարունակէ բանակցութիւնները Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ուքրանիոյ կառավարութեան եւ միջազգային այլ գործընկերներու հետ` նշեալ ուղղութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար:

Խրիմի Թաթարները Ալիեւէն, Կիւլէն Եւ
Նազարպայեւէն Օգնութիւն Կը Խնդրեն

Խրիմի թաթարներու ղեկավար, Ուքրանիոյ խորհրդարանի անդամ ՄուսթաՖա Ճեմիլ եւ ազրպէյճանական Haqqin.az կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Խրիմի թաթարները Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն խնդրած են օգտագործել բոլոր կարելիութիւնները եւ Փութինի հետ լաւ յարաբերութիւնները` իրենց օգնելու համար:

«Մեր ժողովուրդը քանի մը անգամ արտաքսուած է հայրենի հողերէն, եւ մենք չենք ուզեր, որ այդ ողբերգութիւնը կրկնուի: Ատոր համար ալ մենք կը դիմենք Իլհամ Ալիեւին, Ապտիւլլա Կիւլին եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւին: Այս դժուար պահուն խրիմցի ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մինակ մի՛ ձգէք: Մենք օգնութիւն կը խնդրենք ամբողջ աշխարհէն: Ռուսիոյ մէջ մեզի դարձեալ ճնշումներ կը սպասեն», ըսած է ան:

Ճեմիլեւ նաեւ ըսած է, որ իրենք կը պատրաստուին զանգուածային բողոքի ցոյցեր կատարելու, եւ ամբողջ աշխարհը պէտք է աջակցի տեսակէտին Խրիմի բնիկներուն, որոնք կ’ուզեն ապրիլ միացեալ Ուքրանիոյ կազմին մէջ:

Ըստ Խրիմի թաթարներուն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արդէն խրիմցի թաթարներու պատուիրակութիւն մը հրաւիրած է Անգարա` իրավիճակը քննարկելու համար: «Սակայն այժմ մեզի քննարկումներ պէտք չեն, այլ` իրական գործողութիւններ: Խրիմի թաթարները երբեք պիտի չապրին Ռուսիոյ կազմին մէջ, եւ մենք բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներուն համար», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES