Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտան, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութեան վերաբերող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, մինչ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր վերադարձաւ Պէյրութ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց  Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն կ՛ընկերակցէր ճարտարապետ Կապի Ժըպրայել: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդանաւեր ռմբակոծեցին Արսալը, պատճառելով նիւթական վնասներ:

ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ հրապարակին վրայ հանրաշարժ մը հրկիզուեցաւ եւ պատճառեց նիւթական վնասներ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւներէն մէկուն հետ պատահած հարցը Իրաքի եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի չունենայ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին երկու սուրիացիներ, որոնք փորձած էին Պաալպեքի քաղաքապետարանի մէկ պաշտօնեան առեւանգել եւ կողոպտել:

Share this Article
CATEGORIES