Պըրրի Ընդունեց Ամր Մուսան

Ամր Մուսա եւ Պըրրի

Ամր Մուսա եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն եզրին նշումին:

«Մենք պատրաստ ենք ճկունութիւն ցուցաբերելու, եթէ նոյն վարուելակերպին արժանանանք», ըսաւ ան:

Պըրրի նշեց, որ նոր կառավարութեան կողմէ աշխատանքային ծրագիր մը մշակելու եւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալու ժամկէտը 17 մարտն է, որովհետեւ սահմանադրութիւնը 30 օր ճշդած է եւ ոչ թէ ամիս մը:

«Եթէ կարելի չըլլայ աշխատանքային ծրագիր մը մշակել, ապա հանրապետութեան նախագահը անմիջապէս պէտք է հրաւիրէ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու` նոր վարչապետ մը նշանակելու նպատակով, մինչ կառավարութիւնը կը վերածուի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES