Պասիլ Մեկնեցաւ Գահիրէ

gebran bassil5Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու համար արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Պասիլ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող իրավիճակը բաւական դժուար է եւ Լիբանանի դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ կարելի եղածին չափ արաբական երկիրները իրարու մօտեցնել:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու գումարելիք ընդհանուր նիստին առաքուած լիբանանեան փաստաթուղթին մէջ Դիմադրութիւն բառը ջնջուած է եւ փոխարինուած բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու Լիբանանի իրաւունքով, Պասիլ ըսաւ. «Դիմադրութիւն եզրը մեծ է եւ ոեւէ անհատ թէ խմբաւորում չի կրնար զայն փոփոխութեան ենթարկել: Մենք առանց ամչնալու կ՛ըսենք, թէ լիբանանցիներէն ոչ ոք կրնայ Դիմադրութիւն եզրը ջնջել մեր ազգային կեանքէն: Ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ ուրիշը կրնանք Դիմադրութիւն բառը ջնջել, որովհետեւ անոր շուրջ ազգային համախոհութիւն գոյութիւն ունի, յատկապէս Լիբանանը իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ դիմադրող երկիր մը պահելու առումով»:

 

Share this Article
CATEGORIES