Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Մնաց Մշակուելու Ընթացքին Մէջ

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:

Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ յանձնախումբը երեքշաբթի, 11 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պիտի գումարէ իր 10-րդ նիստը:

Նիստէն ետք աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ մեծ յոյս կայ, որ այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները յանգին արդիւնքներու:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Եգիպտոսի զօրակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս:

 

Share this Article
CATEGORIES