«Նախագահական Բոլոր Իրաւունքներս Պիտի Գործադրեմ Առանց Ձեռնածալ Մնալու» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի յատուկ Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի տնտեսական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, Պէյրութի մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ եգիպտական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի ընդունեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ լիբանանցիներուն իրավիճակը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահ, Անթուան Սաատ, Զիատ Քատիրի եւ Ամին Ուեհպէ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման «Լորիան լը ժուր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մինչեւ իր նստաշրջանի աւարտը ինք նախագահական բոլոր իրաւունքները պիտի գործադրէ` առանց ձեռնածալ մնալու:

Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը որեւէ կուսակցութեան հրահանգներուն չի հետեւիր:

Ան աւելցուց նաեւ, որ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններն ու դատապարտումները չափազանցուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES