Զահլէի Մէջ Զինեալներ Կ՛առեւանգեն Փոքրիկն Միշել Սաքըրը

michel_sakrԶահլէի մէջ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրեց ցասումի արտակարգ վիճակ մը, երբ առաւօտեան անծանօթ զինեալներ առեւանգեցին փոքրիկն Միշել Սաքըրը, որ լիբանանցի գործարար Իպրահիմ Սաքըրի զաւակն է:

Յանցագործները իննամեայ երեխան առեւանգեցին, երբ ան դպրոց կ՛ուղղուէր իր երկու քոյրերուն հետ:

Զահլէի մէջ տարածուած այս լուրը պատճառ դարձաւ, որ բնակիչները իրենց ընդվզումը յայտնեն` հրկիզուող անիւներով եւ հողակոյտերով փակելով Զահլէի փողոցները:

Պեքաայի վերադատ ատեանի դատախազ Ֆարիտ Քալլաս ուղղուեցաւ դէպքին վայրը եւ հրահանգեց այդ մասին հետաքննութիւն բանալ:

Քալլաս հաւանական նկատեց, որ առեւանգողները փրկագին պահանջեն` աւելցնելով, որ ըստ երեւոյթին, առեւանգող կողմերը լիբանանցիներ են:

Մինչ Զահլէ իր ընդվզումը կը յայտնէր, վարչապետ Թամմամ Սալամ հետեւեցաւ այս թղթածրարին եւ յստակ ցուցմունքներ տուաւ ապահովութեան ուժերուն` բացայայտելու եւ ազատ արձակելու երեխան ու խստիւ պատժելու առեւանգողները:

Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի պատասխանատուներուն հետ` անոնցմէ խնդրելով օժանդակել ապահովական կառոյցներուն` լուծելու համար այս հարցը:

Իր կարգին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը դատապարտեց Միշել Սաքըրի առեւանգումը եւ կոչ ուղղեց կուսակցական ու քաղաքական հովանաւորութիւնը վերցնելու նման ոճրագործներէն, որոնք ոտնձգութիւններ կը գործեն լիբանանցիներուն ազատութեան եւ արժանապատուութեան դէմ:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը մինչեւ գիշեր շարունակեցին կասկածելիներու փնտռտուքը եւ երեկոյեան կրցան ձերբակալել Իսմայէլ եւ Թլայս ընտանիքներէն անդամներ, որոնք կրնան մեղսակցած ըլլալ Միշել Սաքըրի առեւանգումին:

 

Share this Article
CATEGORIES