Տապլինի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Բարձրաստիճան Հանդիպումներ Ունեցաւ
Աշխատանքային այցելութեամբ Իրլանտա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Տապլինի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոպական միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար էլենի Թէոխարուսի եւ Կիպրոսի յառաջատար քաղաքական ուժերէն մէկուն` Կիպրոսի ժողովրդավարական միաւորում կուսակցութեան նախագահ Աւերով Նեոֆիթուի հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական խորհրդարանի ծիրին մէջ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն զարգացնելու կարելիութիւնները, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման վերաբերեալ տարբեր հարցերու:
CATEGORIES Հայկական

