Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նախքան տունէն դուրս ելլելը` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը, որպէսզի կարենաք անվտանգ տեղ հասնիլ եւ կատարել ձեր որոշած գործերը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարելիութիւնը ունիք իրագործելու ոչ միայն ձեզի թելադրուած պարտականութիւնը, այլեւ` աւարտել ծրագրուած աշխատանքները, որոնք կը վերաբերին ձեր ասպարէզին յառաջընթացին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճիշդ ժամանակին աւարտեցէք ձեր խոստացած մուրհակային պարտաւորութիւնը: Մոռնալը այս պարագային այլ դժուարութիւններ կը ստեղծէ: Ուշադիր եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր որոշած ծրագիրը եթէ չիրագործուի ճիշդ ձեր ակնկալածին պէս, մի ջղայնանաք, այլ հանդարտութեամբ պրպտեցէք պատճառը, որպէսզի փորձառութեամբ յաջորդին նման անակնկալի չհանդիպիք: Համբերեցէք քիչ մը եւս:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւատես անձերու համար ամէն օր տօնական կը նկատուի: Պէտք է օրինակ առնէք այսպիսի անձերէ, որպէսզի պահ մը հոգեկան խաղաղութիւն ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նորութիւններ պիտի ունենաք, ձեր առօրեայ աշխատանքէն տարբեր կատարուած իրողութեան մը դիմաց պիտի գտնուիք: Մի՛ զարմանաք: Ձեր գործերը մէկ կողմ ձգելու համար մի՛ խռովիք: Ժամանակաւոր հարց մըն է եղածը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեզի տրուած խոստումը դրժուի, անմիջապէս գտէք նոր հասցէ մը, ուր պիտի կարենաք իրագործել ձեր նպատակը: Համացանցը ձեզի դիւրութիւն կրնայ տալ նոր ճամբայ մը գտնելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անչափահաս զաւակներով զբաղիլը կը պահանջէ հանդարտ եւ նուիրեալ տրամադրութիւն: Օրուան ընթացքին պիտի ստիպուիք ընդառաջելու երեխաներու պահանջին, եթէ ծնողք էք: Ամուրիներն ալ կրնան ներկայ ըլլալ հանդիսութեան մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յամառութիւնը մի շփոթէք կամքի ուժին հետ: Եթէ սխալ եւ անարդար հարցեր նկատէք ձեր շրջապատին մէջ, խիստ ոճով մի՛ դատապարտէք, այլ մեղմ բառերով ջանացէք մարել կրակը: Դուք ալ կրնաք օր մը նման վիճակի մատնուիլ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հիւրեր պիտի ունենաք` առանց ժամադրութեան, դիմածռութիւն ցոյց մի՛ տաք, սիրայօժար տրամադրութեամբ դիմաւորեցէք զանոնք: Անկարելին կարելի ըրէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բանջարեղէնով պատրաստուած ապուրը կրնայ նպաստել ձեր յոգնած վիճակին: Յարմար ճաշերը կ՛օգնեն ջիղերու հանդարտութեան: Դադար մը տուէք ձեր գործերուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ֆիզիքական տկարութիւն մը զգաք, դիմեցէք ձեր բժիշկին, որպէսզի առաջքը առնէք անհաճոյ գլխացաւի կամ ստամոքսային խանգարումի: Զգուշ եղէք այսպիսի պարագաներու, սպասումը հարցը կը բարդացնէ

