50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1964)

Շարլ Ազնաւուր Երեւանի Մէջ

Հայազգի Երգիչը Խանդավառ
Ընդունելութեան Արժանացաւ

«Աժանս Ֆրանս Փրէս» գործակալութիւնը կը հեռագրէ.-

Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ հրապարակի վրայ չկայ որեւէ տոմսակ այն երեք երգահանդէսներուն համար, զորս Շարլ Ազնաւուր պիտի տայ կիրակի, երկուշաբթի եւ երեքշաբթի:

Քաղաքին բնակիչները, մասնաւորաբար երիտասարդները, կը փորձեն ամէն գնով տոմսակ մը ձեռք ձգել: Անոնք կը գանգատին, որ միայն կարեւոր անձնաւորութիւնները կարելիութիւն ունին: Պատերու վրայ, հայերէն մեծ արձանագրութիւններ` «Ազնաւուրը մերն է, բայց ոչ տեղերը»:

Մինսքի եւ Քիեւի մէջ յաղթական շրջապտոյտէ ետք, ուրբաթ օր Երեւան հասնելէն անմիջապէս ետք, Շարլ Ազնաւուր ուզեց քիչ մը ընտանեկան բնոյթ տալ հայկական մայրաքաղաքին մէջ իր բնակութեան: Եւ խուսափելու համար խանդավառութիւններէ, 24 ժամով յառաջացուցած էր իր ժամանումը:

Սակայն օդակայանին մէջ ընտանիքը եւ բարեկամները հոն էին, մօտաւորապէս… բազմահազար անձեր: Շատ յուզուած, ձիւնի տակ, ան ողջագուրուեցաւ ընտանիքին բոլոր անդամներուն հետ` սկսելով «Մամիկ»-էն: Այս վերջինը, իր հօրը մայրը, 95 տարեկան, չէր տեսած Փարիզի իր հեռաւոր թոռնիկը, սակայն գիտէր, թէ ան յաջողած էր:

Եւ լալագին, մամիկը, շրջապատուած զարմիկներու բանակով մը, մեծամասնութեամբ պարող, երգիչ եւ դերասան, Շարլ Ազնաւուրին ըսաւ` «Բարի՛ եկար»:

Շարլ եւ իր քոյրը` Այտա երկարօրէն ողջագուրուեցան: «Մամիկը ինծի ըսաւ, թէ քերթուած մը յօրինած է ինծի համար. բնականաբար տխուր է ան մեր երկրի երգերուն նման», ըսաւ Շարլ Ազնաւուր:

Ֆրանսահայ տաղանդաւոր երգիչին մայրը վերջերս Երեւան այցելեց: Սակայն իր հայրը` մամիկին զաւակը, երբեք չէ եկած հոս:

Հակառակ բոլոր թախանձագին դիմումներուն` Ազնաւուր որոշած է միայն ֆրանսերէն երգել: Իր նախնեաց երկրին մէջ ինքզինք ֆրանսացի կը զգայ ան, եւ իբրեւ հայ չէ, որ ան կ՛ուզէ ծափահարուիլ այս երեք օրերու ընթացքին, այլ` իբրեւ արուեստագէտ:

Սեւանայ լիճ այցելելէ ետք ներկայ գտնուեցաւ հայկական ժողովրդային հանդիսութեան մը, որ սարքուած էր իրեն ի պատիւ: Ներկայիս ան կը պատրաստուի իր առաջին երգահանդէսին, որ Երեւանի տարեգրութեանց մէջ թուական պիտի հանդիսանայ:

 

Մեր Պատմութեան Էջերէն

Հայ Առաջին Բժշկուհին

Նոյնիսկ հազարամեակներ առաջ, երբ ընդհանրապէս կինը հնարաւորութիւն չունէր ցոյց տալու իր տաղանդն ու ընդունակութիւնները, հայ կինը փայլած է գրեթէ ամէն մարզի մէջ:

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան իր «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ կին մը, որ փայլած է իր շնորհներով:

262 թուական, Թզագարակ աւան: Լեռնալանջէն կը հոսի վճիտ առուակ մը, որ կը սկսի Արբենուտ կոչուած բարձունքէն: Աւանին տէրն է Սուրէն իշխանը, իսկ անոր կինը` իշխանուհի Աղուիթա, ճանչցուած էր իբրեւ մարդասէր եւ բարեսիրտ: Այդ օրերուն, Հայաստանի մէջ ծանօթ էին բազմաթիւ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու միջոցներուն, բայց բորոտութիւնը, որուն դարմանումին ծանօթ չէին, կը նկատուէր վտանգաւոր հիւանդութիւն մը, իսկ բորոտները կը մեկուսացուէին: Արգիլուած չէր նոյնիսկ բորոտ սպաննելը: Իշխանուհի Աղուիթա կ՛որոշէ հիմնել դարմանատուն մը եւ, այս իմաստով, կը համոզէ իր ամուսինը, որպէսզի օգնէ իրեն:

Արբենուտ աղբիւրին մօտ կը հիմնէ դարմանատուն մը եւ կը պատսպարէ բորոտները:

Այս ձեւով, հայ իշխանուհին կը դառնայ մեր առաջին բժշկուհին եւ գթութեան քոյրը:

Այնուհետեւ, Ե. դարուն Հայաստանի զանազան վայրերուն մէջ կը հիմնուին բուժարաններ, ծերանոցներ, անկելանոցներ:

Պ. Ս.

 

Share this Article
CATEGORIES