Նոր Ժամանակներու Մէջ. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Գիւղաքաղաք Մը Փոխադրել Երեք Քիլոմեթր Անդին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Երկաթի հանքը գործ եւ հարստութիւն կը պարգեւէ քաղաքին բնակիչներուն:
ԱՅՍ ԳԱՐՆԱՆ ՍԿԻԶԲ Կ՛ԱՌՆԵՆ ՇՈՒԷՏԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԾԱՅՐԱՄԱՍԻՆ ԳՏՆՈՒՈՂ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔ ՄԸ 3 ՔՄ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒԵԼՔ ՓՈԽԱԴՐԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ: ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 20 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔԻՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԻ ՆՈՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՆ ՆՈՐ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇՈՒՐՋ: ՊԱՏՃԱ՞ՌԸ. ԵՐԿԱԹԻ ՀԱՆՔ ՄԸ ՍԿՍԱԾ Է ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ ԿՈՒԼ ՏԱԼ ՀՆԱՄԵԱՅ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԸ: ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԲԱՐԴ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է ԱՅՍ: «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ, ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՁԿԱԼԻՑ ՎԻՃԱԿԸ:
Այս գարնան սկիզբ կ՛առնեն Շուէտի հիւսիսային ծայրամասին գտնուող գիւղաքաղաք մը 3 քմ դէպի արեւելք փոխադրելու աշխատանքները: Յառաջիկայ տարիներուն քաղաքին բնակչութիւնը պիտի տեղափոխուի նոր բնակարաններ, որոնք պիտի կառուցուին նոր գիւղաքաղաքի մը կեդրոնին շուրջ: Պատճա՞ռը. երկաթի հանք մը սկսած է աստիճանաբար կուլ տալ հնամեայ բնակավայրը: Հսկայական եւ չափազանց բարդ նախաձեռնութիւն մըն է այս:
«Ցնորական Փորձարկութիւն Մը»
«Երբ մարդիկ կը լսեն, թէ կը ձեւագծենք, կը ստեղծենք եւ կը կառուցենք ամբողջութեամբ նոր քաղաք մը, կը մտածեն, թէ ցնորական փորձարկութիւն մը կը կատարենք», կ՛ըսէ ճարտարապետ Միքայէլ Սթենքվիսթ:
Սակայն այնքան բան վտանգուած է, որ դժուար է այս մասին մտածել իբրեւ փորձարկութիւն մը, կ՛աւելցնէ ան:
«Եթէ ծրագիրը ձախողի, ապա Քիրունայի, անոր բնակիչներուն եւ տնտեսութեան գոյատեւումը կը վտանգուին: Ասիկա մեծապէս կը մտահոգէ մեզ: Նման վիճակի մէջ չենք գտնուած երբեք»:
Աւելի քան 3 հազար բնակարանային շէնքեր եւ առանձնատուներ, բազմաթիւ պանդոկներ եւ գրասենեկային տարածքներ, դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ պիտի պարպուին յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն: Մինչ այդ զանոնք փոխարինող կառոյցներ պիտի բարձրանան նոր գիւղաքաղաքին մէջ:
Քիրունայի հին եկեղեցին, որ 2001-ին հռչակուեցաւ Շուէտի ամէնէն գեղեցիկ շէնքը, պիտի կազմաքանդուի քար առ քար եւ պիտի վերակառուցուի նոր գիւղաքաղաքին նոր վայրին մէջ:

Հին եկեղեցին պիտի կազմաքանդուի եւ վերակառուցուի նոր քաղաքին մէջ:
«Կը ձգտինք պահպանել հին քաղաքին ներկայ պատկերը, որքան որ կարելի է: Սակայն շուկայի պայմանները եւ ծախսերը մտածել կու տան, թէ չենք կրնար տեղափոխել ամէն ինչ», կ՛ըսէ Սթենքվիսթ:
Հանքի Մը Ստուերը
Տեղւոյն երկաթի հանքը Շուէտի ամէնէն հարուստ երկաթի հանքն է, որ նաեւ Քիրունայի բնակիչներուն աշխատանքի գլխաւոր աղբիւրն է:
Հարցը ծայր տուաւ 2004-ին, երբ պետական հանքագործական ընկերութիւնը` «Լուոսավարա-Քիրունավարա» նամակ մը յղեց տեղական իշխանութիւններուն` բացատրելով, թէ պէտք էր աւելի խոր մակարդակի վրայ փորէր գիւղաքաղաքէն անմիջապէս դուրս գտնուող բլուրը, ինչ որ կրնար պատճառ դառնալ, որ հազարաւոր բնակարաններու եւ շէնքերու հիմերուն տակ գետինը ճեղքուէր կամ փուլ գար:
Իրօք, տասնամեակ մը ետք հսկայական ճեղքեր սկսած են յայտնուիլ գիւղաքաղաքին ընդերքին: Անոնք հետզհետէ կը յառաջանան դէպի քաղաքին կեդրոնը:

Հսկայական ճեղքեր` Քիրունայի ընդերքին:
«Քիրունայի բնակիչները միշտ ալ գիտէին, թէ քաղաքը ի վերջոյ պիտի տեղափոխուէր: Բոլորը կը տեսնէին, թէ ինչպէ՛ս հանքը կուլ կու տար զայն,- կ՛ըսէ ընկերաբան-մարդաբան Վիքթորիա Վալտին, որուն պարտականութիւն տրուած է գործել գիւղաքաղաքին նոր վայրին մէջ:- Հարցումը միշտ ալ եղած է. արդեօք ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ տեղափոխութիւնը»:
«Քիրունայի բնակիչները «ենթագիտակցական մակարդակի» մը վրայ կ՛ապրին 15 տարիէ ի վեր,- կ՛ըսէ Վալտին: – Անոնք չեն կրնար կեանքի գլխաւոր որոշումներ կայացնել, ինչպէս` բնակարան մը գնել, բնակարան մը յարդարել, զաւակ մը ունենալ կամ գործ մը հաստատել»:
«Այժմ ժամանակը հասած է, որ բազմաթիւ անձեր, որոնք տարիներէ ի վեր թակարդուած էին իրենք իրենց մէջ, ի վերջոյ դուրս գան իրենց պատեանէն եւ մտածեն` «արդէն ընթացքը սկիզբ առած է, այլեւս պիտի կարենամ շահարկումներ կատարել եւ ծրագիրներ մշակել կեանքիս մէջ»:
«Անոնք սկեպտիկ մօտեցում պիտի ցուցաբերեն, մինչեւ որ նոր քաղաքին մէջ տեսնեն դպրոց մը, հիւանդանոց մը, որովհետեւ միշտ ըսուած է իրենց, թէ տեղափոխութիւնը պիտի սկսի շուտով»:
Ապրիլին նոր գիւղաքաղաքին հիմնարկէքի արարողութիւնը ճակատագրական պահ մը պիտի ըլլայ Քիրունայի բնակիչներուն համար:
Նոր Քաղաքին Պատկերացումը
Նման տարողութեամբ ծրագիրի մը գործադրութեան համար կ՛աշխատին հազարաւոր անձեր: Անոնց շարքին են` քաղաքաշինութեան ծրագիրներ մշակողներ, ճարտարապետներ, բնութեան տարածքներ ձեւագծողներ, կենսաբաններ, քաղաքաշինութեան ծրագիրներ ձեւագծողներ, քաղաքային ճարտարագէտներ, կազմաքանդումի եւ վերակառուցումի մասնագէտներ, շինարարներ, ինչպէս նաեւ` Վալտինի նման ընկերաբան-մարդաբաններ:
Սթոքհոլմի մէջ հաստատուած «Ուայթ արքիթեքթըր» ճարտարապետական ընկերութիւնը, որ շահած է նոր Քիրունան ձեւագծելու պայմանագրութիւնը, կը պատկերացնէ աւելի խիտ քաղաքի կեդրոն մը, որ օժտուած պիտի ըլլայ գոյատեւումի աւելի ազդու միջոցներով, եւ ուր աւելի կարեւորութիւն պիտի տրուի անցորդներու եւ հանրային փոխադրամիջոցներու, քան` ինքնաշարժներու գործածութեան:
Քիրունա կը գտնուի հիւսիսային բեւեռի շրջագիծէն 145 քմ դէպի հիւսիս, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հոն տեւաբար ցերեկուան լոյսը կը տիրէ մայիսէն օգոստոսի միջեւ եւ տեւաբար գիշերուան մթութիւնը` դեկտեմբերէն մինչեւ յունուարի վերջերը: Տարուան գրեթէ ամբողջ տեւողութեան ջերմաստիճանը չի բարձրանար նուազ 15-էն վեր, եւ կը ձիւնէ ամբողջ տարին:

Հիւսիսային բեւեռի Քիրունա գիւղաքաղաքը:
«Նոր գիւղաքաղաքին նեղ փողոցները ձեւագծուած են հովն ու ցուրտը մեղմացնելու միտումով: Սակայն պիտի դժուարանայ քաղաքին մէջ շրջագայիլը,- կ՛ըսէ Սթենքվիսթ:- Ունինք մասնագէտներ, որոնք կ՛որոնեն կլիմայական այս պայմաններուն մէջ բնակարաններ եւ շէնքեր կառուցելու եւ նուազագոյն վառելանիւթ սպառելու լաւագոյն ձեւերը»:
Նոր քաղաքապետարանը, որուն շինութիւնը պիտի աւարտի 2016-ին, պիտի ունենայ յարակից հրապարակ մը եւ գնացքի կայարան մը: Այս բոլորը պիտի կառուցուին տարածութեան մը վրայ, որուն հազիւ կէսը գրաւած է ճարտարարուեստի կեդրոն մը:
Մարդաբանական Դիտանկիւնէն

Այն վայրը, ուր Քիրունայի քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէ կառուցել քաղաքին նոր կեդրոնը:
Վալտինի պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ խօսիլ մարդոց հետ` գիտնալու համար, թէ անոնք ի՛նչ կ՛ակնկալեն ունենալ իրենց նոր քաղաքին մէջ, ապա` անոնց ցանկութիւնները փոխանցել ճարտարապետներուն:
«Բնութեան եւ մշակոյթի միջեւ լարուածութիւն մը կայ Քիրունայի մէջ,- կ՛ըսէ Վալտին:- Մշակոյթը երբեք մաս չէ կազմած այս քաղաքին գոյութեան: Հոն հանդիպման վայրեր չկան, ճաշարաններ չկան, որպէսզի մարդիկ յարաբերութիւններ մշակեն: Պէտք է վստահ ըլլանք, թէ անպայման պիտի դիմուի մշակոյթի, ընկերային բարօրութեան եւ ժամանցի նախարարութիւններուն, որպէսզի նոր քաղաքին մէջ կառուցուին շարժապատկերի սրահներ, լողաւազաններ եւ ֆութպոլի դաշտեր»:
Նոր գիւղաւանը հաւանաբար նաեւ պիտի լուծէ Քիրունայի կարգ մը հարցերը, ինչպէս` սեռերու թիւի տարբերութիւնը:
«Տղամարդոց ներկայութիւնը գերակշիռ է քաղաքին մէջ, որովհետեւ երիտասարդ կիներուն մեծ մասը կը հեռանայ քաղաքէն,- կ՛ըսէ Վալտին:- Նոր քաղաքը անպայման պէտք է կարենայ ներգրաւել կիները»:
Նաեւ կը տիրէ այն յոյսը, թէ բարելաւուած քաղաքը պիտի քաջալերէ յաւելեալ զբօսաշրջիկներու գալուստը, ինչ որ կրնայ նպաստել գործ հայթայթելու տեղւոյն հաստատութիւններուն: Մօտակայ Եուքասեարվի քաղաքին աշխարհահռչակ Սառոյցէ պանդոկը տարին աւելի քան 100 հազար զբօսաշրջիկ կը ներգրաւէ, սակայն անոնք հազուադէպօրէն 15 վայրկեան ճամբայ կը կտրեն` Քիրունա այցելելու համար:

Նոր քաղաքը` ամրան եւ ձմրան. արուեստագէտի պատկերացումով:
Մարդաբանական դիտանկիւնէն` գլխաւոր մտահոգութիւնը «հին յիշատակներով ապրող Քիրունայի բնակիչներն են», ինչպէս կ՛ըսէ Վալտին:
«Պէտք է գտնել ձեւը` յարգելու յիշատակները եւ օգնելու անոնց, որոնք աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը մնան թակարդուած` իրենց պատեանին մէջ,- կ՛ըսէ ան:- Մարդիկ, որոնք իրենց առաջին համբոյրը փոխանակած էին նստարանի մը վրայ կամ իրենց առաջին զաւակը ունեցած էին հիւանդանոցի մը մէջ, յանկարծ պիտի տեսնեն անոնց ի սպառ անհետացումը»:
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ճշդել Գիները Անգոյ Քաղաքի Մը
Պետական հանքագործական ընկերութիւնը պարտաւոր է գնել բնակարանը իւրաքանչիւր քաղաքացիի, որ զայն կը ձգէ իր ետին, որպէսզի ան կարենայ նոր բնակարան մը գնել նոր գիւղաւանին մէջ: Սակայն գումարները մղձաւանջ կը պատճառեն:
«Ընդհանուր գաղափարը այն է, թէ պետական հանքագործական ընկերութիւնը բնակարանները պէտք է գնէ շուկայի գինէն 25 առ հարիւր աւելի վճարելով, ապա գնորդին ծախելու համար նոր բնակարան մը` նոր գիւղաւանին մէջ,- կ՛ըսէ Սթենքվիսթ:- Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է գիտնալ շուկայի գինը բնակարանի մը, որ կը գտնուի քաղաքի մը մէջ, որ տակաւին գոյութիւն չունի»:
Ուայթ Արքիթեքթըր ճարտարապետական ընկերութիւնը տարիներէ ի վեր կը վերահսկէ մօտակայ քաղաքներու մէջ բնակարաններու վաճառքին: Անիկա որոշ գնահատումներ կատարած է Քիրունայի մէջ` նկատի ունենալով բնակարանի մը տարածութիւնը, պարտէզները եւ քաղաքին կեդրոնէն հեռաւորութիւնը:
«Կալուածի մը գինը ճշդելու համար նկատի կ՛ունենանք նոյնիսկ պասի կայանի մը գոյութիւնը անոր մօտ: Այս մէկը շատ կարեւոր է նոր քաղաքի մը մէջ, որ ձեւագծուած է իր հանրային փոխադրամիջոցներու դրութեան հիմամբ», կ՛ըսէ Սթենքվիսթ:
Նոյնպէս ալ` վաճառատուներու եւ առեւտրական այլ հաստատութիւններու սեփականատէրեր, որոնք կը հաւատան, թէ «լաւ դիրք» մը կը վայելեն այժմու քաղաքին մէջ, մտավախութիւն յայտնած են նոր քաղաքին մէջ իրենց առաջարկուած վայրերուն նկատմամբ:
Կը Թուի, Թէ Ի Վերջոյ Բան Մը Պիտի Պատահի

Անորոշ ապագայ:
«Ստեղծուած է նոր վիճակ մը, եւ չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք,- կ՛ըսէ պետական հանքագործական ընկերութեան մէկ պատասխանատուն` Իվել Սիւըրթսըն, որ կը վերահսկէ քաղաքաշինութեան ծրագիրներու մշակումին: – Հարիւրաւոր անձեր լծուած են միայն այս հարցը քննելու աշխատանքին: Անոնց շարքին են Սթոքհոլմի համալսարանէն ուսումնասիրողներ: Նպատակը նոր քաղաքին մէջ կեդրոն մը հաստատելն է` նախքան ամբողջ բնակչութեան տեղափոխութիւնը, ապա բոլորը միաժամանակ նոր քաղաք տեղափոխելը` մէկ կամ երկու հանգրուանով, որպէսզի տեղափոխութիւնը նուազագոյն բացասական անդրադարձը ունենայ մարդոց գործին վրայ»:
«Ուսումնասիրեցինք, թէ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Գերմանիա եւ Ափրիկէի կարգ մը շրջաններ, նման ծրագիրներ ի՛նչ ձեւով կ՛իրագործուին: Սակայն նման վայրերու մէջ միայն գիւղեր եւ բնակարաններ կը տեղափոխուին եւ ոչ` քաղաքի հսկայական կեդրոններ,- կ՛ըսէ Սիւըրթսըն:- Կարելի չափով կ՛օգտագործենք մասնագիտական փորձառութիւնները, սակայն մեր վիճակը բոլորովին տարբեր է. անոր նախընթացը գոյութիւն չէ ունեցած»:
Հակասութիւնը այն է, թէ նոր բնակարաններ պէտք է կառուցուին այժմ գոյութիւն ունեցող գիւղաւանին մէջ` նախքան նոր գիւղաւանին մէջ շինարարական աշխատանքներուն սկսիլը, որովհետեւ Քիրունայի մէջ պէտք է ստեղծել յարմարութիւններ` ընդունելու 800 նոր աշխատաւորներ, որոնք պիտի գան նոր քաղաքը կառուցելու:
Ծրագիրին տարողութիւնը այնքա՛ն հսկայական է եւ բազմաճիւղ, որ արդէն ստեղծուած է անձկալից վիճակ. արդեօք ծրագիրը պիտի աւարտի՞ ճիշդ ժամանակին:
«Քաղաքապետութիւնը եւ պետական հանքագործական ընկերութիւնը կ՛ենթադրեն, թէ կրնան այս նոր քաղաքը ամբողջութեամբ կառուցել մինչեւ հինգ տարի: Սակայն այս մէկը անկարելի է,- կ՛ըսէ նոր գիւղաւանին շինարարական աշխատանքները ստանձնած ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն` Փիթըր Եոհանսըն:- Աւելի ձգտում է, քան` ճշմարտութիւն, թէ շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին այս գարնան: Պէտք էր այս աշխատանքը սկսած ըլլար 2009-ին կամ 2010-ին»:
«Շուրջ 250 հոգի կ՛աշխատի շինարարական որոշ վայրերու մէջ, սակայն կարիքը ունինք աւելի քան հազար աշխատաւորներու: Պէտք է սկանտինաւեան բոլոր երկիրներէն աշխատաւորներ գան, որպէսզի այս ծրագիրը իրականութիւն դառնայ», կ՛ըսէ ան:
Պետական հանքագործական ընկերութիւնը արդէն 4 միլիառ քուրոն (612 միլիոն տոլար) ծախսած է այս ծրագիրին վրայ: Անիկա կը նախատեսէ, որ յաւելեալ 7.5 միլիառ քուրոն պիտի ծախսուի մինչեւ ծրագիրին գործադրութեան աւարտը:
Կը տիրէ այն զգացողութիւնը, թէ ի վերջոյ բան մը պիտի պատահի: Գիւղաւանին բնակիչները մեծ մասամբ կը զօրակցին տեղափոխութեան գաղափարին: Տեղւոյն տնտեսութիւնը ամբողջութեամբ կախեալ է հանքին յաջողութենէն:
«Պետական հանքագործական ընկերութիւնը կը ղեկավարէ հանքը, գործ կը հայթայթէ մարդոց, եւ Քիրունայի կարգ մը բնակիչները բաւական հարստացած են,- կ՛ըսէ Վալտին:- Հանքը անոնց գոյութեան պատճառն է այս վայրին մէջ»:

