Դէպի Հայութիւն Առաջնորդող Դաստիարակին Հետքերը Ինչո՛ւ Կ՛անշքանան. (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Հայ ուսուցիչը պէտք է փոքրիկ հայի մէջ մարտիկ դաստիարակի, որովհետեւ այդպիսին է մեր ճակատագիրը, մեր աշխարհագրական դիրքը, մեր արտաքին քաղաքականութիւնը»:

ՇՈՒՇԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
(Արուեստագէտ)

Զարմանալի եւ անսովոր ոչինչ պէտք է գտնել արուեստագիտուհի եւ թունդ հայրենասէրի յատկութեամբ բնորոշ երգչուհիին արտայայտած մտքերուն մէջ:

Ընդհակառակն, Հայաստանի պէս երկրի մը համար, որ շրջապատուած է բարբարոս, հայատեաց եւ այլամերժ ժողովուրդներով, նման մօտեցում ու կեցուածք մը ունի ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ զուտ ազգային-գաղափարական հիմնաւորում, ինչպէս նաեւ կը բխի առողջ, կենսունակ եւ ինքնապաշտպանական հրամայական պահանջներէ:

Ըստ երեւոյթին, հարցը հայրենիքի հողէն ու ջուրէն հեռու ապրող հայ զանգուածներու, նորահաս սերունդներու կը վերաբերի առաւելաբար, երբ օտարացումի եւ տակաւ ինքնափճացումի յորձանուտեր կլանած են մերօրեայ ժամանակները, եւ անդարմանելի աւերներ կը գործեն ամէնուրեք:

Մարտ 9:

Պարտաւորեցնող է այս տօնը, որովհետեւ կը պարփակէ այնպիսի խոր իմաստային երանգներ, որոնց հնչեղութիւնն ու հմայքը վաղեմի են նոյնքան, որքան հայոց դարաւոր պատմութիւնը:

Սիրտերու մօտ է այս տօնը, հրապուրիչ եւ կլանող, երբ զայն մարմնաւորած են հայազգի տիտան եւ մեծադիր անհատականութիւններ:

Խրախուսիչ եւ արժանահաւատ է այս տօնը, որուն սնուցման եւ առաւել պայծառացման համար առաքելատիպ եւ խոհուն հայորդիներ,  ամբողջ կեանք են մաշեցուցեր` յանուն ազգակերտի եւ հայրենաշէնի իրենց ըմբռնումներուն եւ համոզումներուն:

Խորհրդաւոր եւ առինքնող է այս տօնը, այլապէս վարակիչ, որով իրերայաջորդ սերունդներ պահպանած են գոյութենական իրենց երթին ամէնէն անսայթաք ու ապահով ճանապարհը:

Անիկա խթանող է եւ ուժական, գօտեպնդող է եւ նուիրական, երբ անոր ծաղկումին  նպաստող փաղանգներ ո՛չ մէկ ճիգ խնայած են, ո՛չ իսկ թռիչք զլացած, յայտնապէս միտք ու հոգի սպառած, շունչ ու ժամանակ հատնած, պարզապէս քաղաքակիրթի իրենց մտասեւեռումներուն, ազգային  վառ մտածումներուն, գեղակերտի հայեացքներուն եւ ցեղային առանձնայատկութիւններուն ականջալուր, երդուած են ըլլալ ռահվիրայ ու մնալ ժողովրդային զանգուածներու յառաջդիմութեան ջատագով:

Իրօք, այս ոգեշնչող տօնին ընդառաջ, ինչպիսի՛ պատկերներ կ՛ուրուագծուին մեր մտքի պաստառին վրայ, եթէ ոչ բոլոր անոնց, որոնց ազնուական, բարի, վեհանձն ու փայլատակող մարդկային ու ազգային բարեմասնութիւնները` մէյ մէկ տիպական օրինակ են հանդիսացեր դարեր շարունակ եւ արժանացեր ազգի ջերմ գնահատանքին եւ շատ անգամ պաշտամունքին:

Ստուգապէս, շէնշող հոգեկերտուածքի տէր եւ լուսատու մտային հորիզոն ունեցողի մասին է խօսքը, ոգեկան բարձրութեամբ եւ գիտակցութեամբ յագեցած տեսակի վրայ է շեշտը, հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ դարաւոր մշակոյթին հաւատարմութիւն ցուցաբերած եւ անկաշառ ծառայած հայ դաստիարակի անփոխարինելի արժէքին հանդէպ  գիտակցութիւն  սեւեռելու եւ տիրութիւն  ընելու մասին է անդրադարձը, այո՛, հայ աշակերտութիւնը դէպի ազգային ակունքներ եւ հայաբոյր ոլորտներ առաջնորդող ուսուցիչ ունենալու եւ պահելու հրաւէրի մը ընդգծումն է ներկայացուածը:

Միւս կողմէ, պիտի ըսուի, հաւանաբար, միթէ հայ իրականութեան մէջ սո՞վ է տիրած, եւ կամ ամլութի՞ւն է տարածուած, որ լոյսին կը բերուին նման մտահոգութիւններ, կը կատարուին հարցադրումներ:

Ո՛չ անպայման:

Այդուհանդերձ, արագ ակնարկ մը նետելով սփիւռքահայ իրականութեան եւ առօրեայ կեանքի մտահոգիչ կացութեան վրայ տեսանելի կը դառնան բազում եւ բազմերանգ մտատանջութիւններ, բացթողումներ, հայ արժէքներու անկումին սատարող անհեռանկար մօտեցումներ:

Փաստօրէն, յետեղեռնեան գաղութահայ կեանքի առողջացման, ինքնակազմակերպման թէ որոշակի ինքնահաստատման նպաստեցին հայաբոյր մեր կառոյցներն ու դաստիարակները, որոնք, շնորհիւ իրենց ազգային գեղուղէշ ըմբռնումներուն եւ հաւատամքին, եւ ի գին անսահման զոհողութիւններու պահեցին ու պահպանեցին ամէն ինչ որ ազգային է, նուիրական  եւ մեծապէս անփոխարինելի:

Հայ վարժարանի, կրթարանի թէ ուսումնավայրի մարդկային ու ազգային հասկացողութիւնը, արժէքն ու իմաստը լաւապէս ըմբռնողը, անվարան կրնանք հաստատել, որ թրքութեան եաթաղանէն մազապուրծ ազատած հայութիւնը հանդիսացաւ, որ, սիրտ ճմլող թիթեղաշէն դպրոցներէն բարձրացաւ դէպի գեղակերտ ու քարաշէն դպրոցներ, ուր  հասակ առին հայօրէն դաստիարակուած իրերայաջորդ սերունդներ:

Սակայն, այդ գիտակցական ոստումին եւ պատուաբեր իրագործումին ետին եթէ մէկ կողմէ կը կանգնէր հայութիւնն ինք, միւս կողմէ, այդ կառոյցներուն շունչ ու հոգի տուողը, մարդկայնացնողն ու հայացնողը հայ դաստիարակ ուսուցիչն է եղած, գիտական մտքով սպառազէն, բայց մանաւանդ հայկական արժէքներով յափշտակեալ:

Այսօր, ցաւ ի սիրտ, կարօտը կ՛ապրինք բոլոր անոնց, որոնք հայ դաստիարակի իրենց կոչումին եւ ազգային գիտակցութեան ապաւինած ոչ միայն ջամբեցին հայ լեզու եւ գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ, այլեւ հրդեհեցին իւրաքանչիւր աշակերտի հոգիները, յղկեցին անոնց մտածումները, դէպի բռնագրաւեալ Արարատ սեւեռեցին անոնց հայեացքները, Հայաստան աշխարհի հրաշք գեղեցկութիւնը քանդակեցին բոլորին սրտերուն մէջ, տքնեցան, տառապեցան, տոկացին եւ յաջողեցան, որպէսզի կարենանք դիմակայել եւ հասնիլ այս օրերը:

Խոստովանիլ է պէտք, որ երէկի փառքով ապրելու եւ ձեռնածալ նստելու ամէն մտադրութիւն  ա՛լ դարձած է ժամանակավրէպ եւ հնաբոյր, եթէ երբեք չստեղծուին նորեր, որոնք պիտի փոխարինեն ոչ թէ հիները, այլ էապէս պիտի հարստացնեն եւ արժեւորեն  անցեալի գանձերը:

Այլ ասած, կեանքի արագասոյր թաւալքին,  անկասելի զարգացման եւ յառաջդիմութեան ի տես, նոյնինքն հայրենիքի հողին վրայ ապրող ժողովուրդի մը գոյութիւնը պահելու հասկացողութիւնը կը դիմագրաւէ մեծ յորձանուտեր, ալ ի՜նչ խօսք հայրենիքէ հեռու ապրողներուն…

Յայտնապէս ընդգծելին այն է, որ եթէ երբեք պիտի ուզենք հայ վարժարանին վերադարձնել իր երբեմնի հմայքն ու զօրութիւնը, իրաւ կոչումն ու արժէքային համակարգը, ապա լծուելու ենք ազգովին որդեգրելու նորովի ռազմավարութեան, քարի զուգընթաց հայ դաստիարակը պատրաստելու աշխատանքին, այլապէս անյետաձգելի հրամայականին, որպէսզի քաոսացած մեր կեանքին ներարկենք նորովի աւիւն եւ եռանդ, միտք ու շնորհք, ուժ եւ թարմութիւն` առհասարակ ապաւինելով նորահաս սերունդի անխարդախ աշխատանքին:

Իսկ ո՞ւր եւ որո՞ւ ձեռամբ պիտի պատրաստուին նման արժէքներ, եթէ ոչ հայաբոյր վարժարանի երդիքին տակ եւ անփոխարինելի հայ դաստիարակին շունչով ու մտքով:

Այլ հարց, որ աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է դարձած հայ անհատի սպառազինումը ակադեմական բարձրագոյն մակարդակի կրթութեամբ` որպէս նորօրեայ կեանքի անշրջանցելի պարտադրանք:

Անշուշտ մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն իրողութիւնը, որ վերջին տարիներուն, որոշակի աշխատանք կը կատարուի, ձեռնհաս միջոցներ կ՛որդեգրուին բարելաւելու համար հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչի կենսամակարդակը, այդուհանդերձ, անոնք կը մնան սոսկ ձեւական դրոյթներ, եթէ երբեք անոնց չհետեւին ապագայատեսի գործընթացներ, որակական մօտեցումներ, իրաւ համոզումներ:

Այո՛, հայ գրողի, մտաւորականի, արուեստագէտի, լրագրողի ու հրապարակագիրի առընթեր մեծ է արժէքը հայ իրաւ դաստիարակին, որուն գոյութիւնը հիմքն է հայապահպանման ամէն աշխատանքի:

Գիտակցելով հանդերձ նման իրողութիւններու վաւերականութիւնը, ցարդ ականատես ենք հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչի նկատմամբ անըմբռնելի վերաբերումներու, անոր արժէքին չհամապատասխանող դրսեւորումներու, որոնց սրբագրումը անյապաղ աւելի քան հրամայական է:

Որովհետեւ հայ վարժարանի առաքելութիւնը գերազանցապէս հայ տիպար ու բանիմաց դաստիարակով է պայմանաւորուած:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES