Արձագանգ. Քաղաքական Ընտրա՞նք, Թէ՞ Ատելութիւն…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
«Ազդակ»-ի 3 մարտ 2014-ի թիւի 5-րդ էջին մէջ Միհրան Քիւրտօղլեան հրատարակած է նշմար մը` «Քաղաքական ընտրա՞նք, թէ՞ ատելութիւն» վերնագրով: Կ՛ուզենք մեր կարծիքը յայտնել այդ մասին:
Մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ յատկապէս հետեւեալ պարբերութեան վրայ. «Սահմանային միացում»-ի Փութինի հրապարակած անորոշ ծրագիրը փաստօրէն նորագոյն մարտավարութիւն մըն է, որ կը միտի Արեւմուտքի թափանցումը միանգամընդմիշտ խափանել Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիէն ներս»:
Ո՞ր պետութիւնը թոյլ կու տայ, որ օտար ուժեր թափանցեն իր սահմաններէն ներս ու վտանգեն իր ապահովութիւնը: Ցարական թէ խորհրդային շրջանին եւ մինչեւ այսօր, Արեւմուտքը թշնամական դիրք որդեգրած է Ռուսիոյ նկատմամբ: Բնական է, որ Ռուսիա ըլլայ ուշադիր իր սահմաններուն: Փութինի ծրագիրը անորոշ չէ, ընդհակառա՛կն, շատ յստակ է` ամուր պահել իր երկրին սահմանները Արեւմուտքի ոտնձգութիւններուն դիմաց: Խորհրդային Միութեան անկումէն ի վեր դադրա՞ծ են Ռուսիոյ սահմանամերձ երկիրները ՕԹԱՆ-ին միացնելու արշաւները: Անշուշտ թէ ո՛չ:
Հայաստան, իր ժողովուրդի բոլոր հոսանքներով, Իսրայէլ Օրիէն ի վեր, իր փրկութեան յոյսը կապած է Ռուսիոյ, բազմաթիւ անգամներ խաբուելէ ետք «քրիստոնեայ» եւրոպացիներէն…
Երբ պահը եկաւ որոշելու անոնք` եւրոպացիները չամչցան ցեղասպան թուրքը պաշտպանելու: Ամենացայտուն օրինակը տեղի ունեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին: Դաշնակից պետութիւնները` Թուրքիոյ երէկուան թշնամիները, միասնաբար գերեզմանէն դուրս հանեցին «սատկած» Օսմանեան կայսրութիւնը (չկարենալով բաժնուիլ զայն իրարու միջեւ) զէնքով, զինամթերքով ու ոսկիներով հզօր պետութիւն դարձուցին` հագցնելով անոր հանրապետական հագուստներ… թաղեցին Սեւրի դաշնագիրը եւ Լոզանի զոհասեղանին վրայ մորթեցին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը…
Հակառակ ասոր, Միհրան Քիւրտօղլեան չի վարանիր, անուղղակիօրէն պաշտպանելու Արեւմուտքը:
Եւ, ի վերջոյ, ի՞նչ են Եւրոպական Միութիւն ու եւրոպական արժէքներ ըսուածը: Հրէական կազմակերպութիւն մը, ուր ընտանիքը` մարդկութեան եւ ազգերու կորիզը, վտանգուած է միասեռականութեան որդեգրումով… ուր մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարական սկզբունքները կը գործածուին իբրեւ դիմակ…
Հայաստանի նախագահը` Սերժ Սարգսեան, նրբութեամբ կը խաղար Եւրոպայի խաղը, սակայն, երբ հարցը կը վերաբերէր Հայաստանի ապահովութեան, գիտցաւ ճիշդ որոշում կայացնել ու անցնիլ հզօր Ռուսիոյ կողմը:

