Ուսուցչաց Օրուան Առիթով, Որպէսզի Կարդանք Մարդկութեան Գիրքը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Իսկական կրթութիւնը կը կայանայ լաւագոյնը
ինքնիրմէ քաղելու մէջ: Ո՞ր աւելի լաւ գիրքը կրնայ
գոյութիւն ունենալ մարդկութեան գիրքէն աւելի:
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ
Ուսուցիչներ օր… տարուան օրերէն մէկը, եթէ մենք մեզ չհրաւիրենք մտածելու, անհատաբար եւ հաւաքաբար, ինքնաքննադատութեան եւ տեսիլքի ուղիներուն վրայ, արարում, որ կ’ընդգրկէ (կ’ընդգրկէ՞) ոչ միայն անմիջական ներկան եւ անհատը, այլ նաեւ ապագան, ՄԱՐԴ-ը, ոչ պզտիկ սպառողը:
Ուսուցիչը պիտի ըլլայ մարդկութեան գիրքէն սնունդ ստացողը եւ փոխանցողը: Քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու պարարտ հողը մարդկութիւնն է` որպէս ժառանգութիւն եւ նպատակ, արուեստ, գիտութիւն, բարոյական: Եթէ այս գիտակցութիւնը չառաջնորդէ ուսուցիչը, չդրոշմէ աշակերտը եւ չներշնչէ ծնողներու ակնկալութիւնը, կը շարունակենք մնալ Հոպզի տարազին մէջ, որ` «մարդը մարդուն գայլն է» (homo homini lupus): Ընչաքաղցութիւն-յաջողութիւն հետապնդումով վարակուած ընկերութիւնները կը խափանեն դէպի մարդ եւ մարդկութիւն երթը, որ մուտք կը գործէ կրթութեան եւ դաստիարակութեան աշխարհին կամ մրցակցութեան կրկէսին մէջ:
Իրաւ ուսուցիչը պարտաւոր է ճակատիլ… Միշտ խորհած եմ, որ տունը պէտք է ըլլայ դպրոցին օգնական, բայց ան յաճախ շահագրգռուած է դպրոցէն ստացուելիք «գիտութեամբ»` որպէս յաջողութեան ճամբայ հարթող միջոց, եւ որպէս անպէտք իրի կը վերաբերի «կրթութեան» եւ «դաստիարակութեան» հետ: Առանց աչքի կապանքներու եթէ դիտենք մեր ժամանակակիցները, կը հասկնանք, եւ թերեւս ալ կը հակազդենք` առանց անպայման Կանտի ըլլալու:
Ուսուցիչը երաշխաւորն է մարդկութեան ապագային: Իր ծառայութիւնը լիարժէք դարձնելու համար պէտք չէ ըլլայ պատահական անձ, պատահականօրէն ընտրուած: Դասախօսութեան մը ընթացքին ըսած էի, որ զինուորական ծառայութեան կոչուողները կ’ենթարկուին բժշկական քննութեան: Ուսուցիչները եւս, ստանալէ ետք համապատասխան պատրաստութեան կարելիութիւն եւ պատրաստութիւն, պէտք է որ ենթարկուին քննութիւններու: Չճապաղելու համար իրենց մարդակերտ աշխատանքին մէջ, տեւաբար պէտք է թարմանան, որուն համար միջոցները պէտք է ստեղծուին: Եթէ նպատակ է երիտասարդութիւնը, նպատակ պէտք է ըլլան ուսուցիչին պատրաստութիւնը եւ բարօրութիւնը: Կը խօսուի պատրաստութեան մասին, չի խօսուիր բարօրութեան մասին: Իսկ պատրաստութիւնը քարացած վիճակ չէ, երբ աշխարհ եւ գիտութիւն տեւաբար կը փոխուին:
Հայրենահանուած ժողովուրդի համայնքները ինքնութիւն պահելու խնդիր ունեցած են եւ ունին: Ինքնութեան պահպանման աւագ դերակատարը հայ ուսուցիչն է, մանաւանդ` «հայերէնաւանդ» ուսուցիչը: Եթէ երիտասարդութիւնը չի ստանար ինքնութիւնը եւ ուսուցիչը պէտք եղածով չի փոխանցեր զայն, հարկ է իրականութիւնները դիտել եղածով գոհանալու, դիրքապաշտութեան եւ նիւթապաշտական մօտեցումներէն անդին սեւեռելով մեր հայեացքը եւ մտածումը, իմաստաւորել մեր նախաձեռնութիւնները: «Աւելի՛ն. եթէ երիտասարդութեան կրթութիւնը անտեսուած է, միայն մենք մեզ պատասխանատու համարենք եւ այն քիչ կարեւորութիւնը, զոր կ’ընծայենք անոնց նկատմամբ, որոնք այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնած են» (Ընդգծ. Յ. Պ.): Այսպէս խօսած եւ գրած է ԺԸ. դարուն ապրած ուսողագէտ եւ իմաստասէր տ’Ալամպերը (d’Alambert, (1717-1783): Ան հայ չէր, մեր ժամանակակիցն ալ չէ: Բայց կ’արժէ, որ իր մտածման լոյսին տակ սեւեռենք հայեցի կրթութեան բարդ խնդիրը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախարարութիւն ունի, հայեցի կրթութեամբ կը զբաղի, նոյնիսկ երբ այդ մասին կարծիք անգամ ունենանք, լսող չ’ըլլար: Իսկ սփիւռքի պարագային, եղածը փրկելու եւ ինքնագոհութեան հեւքը կ’արգիլէ հարցականի տակ առնել «խնդիրներ»-ը:
Եթէ հայեցի կրթութիւնը պիտի յաջողի…
Փորձենք մեկնիլ տ՛Ալամպերի մտածումէն` զայն բերելով մեր կացութեան եւ լրացնելով կրկնել, որ եթէ երիտասարդութեան ՀԱՅԵՑԻ կրթութիւնը անտեսուած է, կամ կը ձախողի, միայն մենք մեզ պատասխանատու պէտք է համարենք, եւ այն ՔԻՉ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, զոր կ’ընծայենք անոնց նկատմամբ, որոնք այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնած են, այսինքն` հայերէն եւ հայագիտական առարկաներ աւանդող ուսուցիչներուն: Ձախողանքի պատասխանատու են «էսթէպլիշմընթ»-ը, ղեկավարութիւնները եւ անոնց պատկերով աճող հայ ծնողները եւ ընտանիքը:
Հայերէնին հետ պէտք է վերաբերիլ որպէս կենդանի լեզուի:
Կարենալ տեւելու համար հրամայական է, որ հայերէնը ունենայ որակ, որ կը նշանակէ արտայայտուիլ գրական լեզուով:
Հայերէնի ուսուցման յաջողութիւնը կ’աճի պատրաստութեան որակով: Ինչպէս ամէնուրեք, եւ ամէն բանի համար, ՈՐԱԿ-ը կ’ունենայ իր գինը: Երբեմն մտածեցէք մէկ բժիշկէն միւսը վճարուած պատուագինի տարբերութեան մասին…
Մեր հասարակութեան բոլոր մակարդակներուն, ընտանիքէն դպրոց, եկեղեցի, քաղաքականութիւն, ընկերային կեանք, եկեղեցի, մամուլ, հաղորդակցական միջոցներ, ի՞նչ է մեր վերաբերումը:
Հայեցի կրթութիւնը կրթական ծրագրին մէջ ի միջի այլոց առարկայ մը չէ: Այս գիտակցութիւնը կը ներշնչե՞նք զանգուածին: Ուսուցիչի պատրաստութեան համար կ’ընե՞նք անհրաժեշտ ներդրումը: Մասնաւորաբար հայերէնի ուսուցիչին կ’ընծայե՞նք ԹԱՐՄԱՑՄԱՆ հնարաւորութիւն (մէկ պատ պակաս շինելու փոխարէն), որ կ’ենթադրէ նիւթական միջոցներ, որպէսզի ան բանտարկուած չմնայ իր քաղաքի, թաղի եւ դպրոցի սահմաններուն մէջ: Ճառագայթելու համար հորիզոն եւ ճառագայթ պէտք են:
Յաճախ կը յիշեմ երկու դրուագներ:
Եւրոպական քաղաքի մը մէջ կ’ապրէր եւ կ’ապրի փոքրիկ հայկական համայնք մը: Կազմակերպած էին հայերէնի միօրեայ դասեր: Արձանագրուած էին շուրջ քառասուն փոքրիկներ: Ամիս մը ետք մնացած էին տասներկուքը: Սրտցաւ զրոյցի մը ընթացքին (մասնագէտ ենք սրտցաւ զրոյցներու եւ անոնց ընթացքին կարծիքներ յայտնելու) հարցուցին, թէ ինչո՞ւ այդպէս էր եւ ի՞նչ պէտք էր ընել: Հարցուցի, թէ ո՞վ էր դասատուն եւ ի՞նչ պատրաստութիւն ունէր: Ըսին, որ միջինարեւելեան քաղաքէ մը կու գար եւ հայկական նախակրթարանի մը մինչեւ հինգերորդ դասարանը յաճախած էր: Ըսի, թէ ամէնօրեայ վարժարաններուն մէջ ուսուցչանոցներէ շրջանաւարտ դասատուներ ունէին պզտիկները եւ անոնք կը զգային եւ կը դատէին տարբերութիւնը, եւ բնական էր, որ լքէին… հայերէնը:
Միջինարեւելեան քաղաքի մը մէջ «թաղական» մը որոշած էր «compression budgétaire» ընել, խնայողութիւն, հնութիւն ունեցող ուսուցիչները գործէ արձակել, նորերը գտնել` ամսականներու վրայ եղած յաւելումներէն ազատելու համար:
Օրինակները կ’ըսեն, որ ՈՐԱԿԱՒՈՐ ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ճառերու թութակային կրկնութիւն զոհողութեամբ չի յաջողիր, այլ` ՈՐԱԿՈՎ եւ այդ որակի ՈՐԱԿԱՒՈՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՈՎ:
Յաջողելու համար ուսուցչական ասպարէզը ՀՄԱՅՔ պէտք է ունենայ: Ինչպէ՞ս: Ապահովաբար ոչ «compression budgétaire»-ով:
Տան եւ ժողովասրահի պատերուն վրայ մեծատառ գրել Կանտիի եւ տ’Ալամպերի խօսքերը… Հատորներ չեն: Թերեւս ընթերցողներ կ’ըլլան:
Եւ խնդիրները գլխիվայր շրջուած չեն մնար:
7 մարտ 2014, Պուրճ Համուտ

