Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Սուրմակ, Բրքիշոյ Եւ Շամուէլ` Հակաթոռ Կաթողիկոսներ
Սահակ Կաթողիկոսի Աքսորէ Վերադարձը Հայաստան
Վերադառնալով Վաղարշապատի մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս արդէն յիշեցինք, փառամոլ Սուրմակ` ի դիմաց նախարարներուն մատուցած իր ծառայութեան, ստացաւ արքայից արքայէն հայրապետական գահը: Ճիշդ է, որ ան տիրացաւ յարքունիս գրաւեալ հայրապետանոցին եւ անոր կալուածներուն, յաչս Տիզբոնի արքունիքի ան էր պարսկահայ կաթողիկոսը, սակայն Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ ան ընդունելութիւն չգտաւ:
Ըստ Խորենացիի վկայութեան, Սահակի եւ Մեսրոպի դաստիարակած եկեղեցականներու սերունդը, ըլլան անոնք եպիսկոպոս, վանական կամ քահանայ, մնացին հաւատարիմ իրենց սիրելի ուսուցիչներուն: Թէեւ չկար Սահակ հայրապետը, սակայն կար անոր տեղակալը, անկէ անբաժան գործակիցը` Մեսրոպ Մաշտոցը, որուն շուրջ համախմբուած էին անոնք Վաղարշապատի մէջ: Ուստի, անոնց համար Հայ եկեղեցւոյ իսկական հոգեւոր պետը կը համարուէր Սահակ կաթողիկոսը:
Ինչ կը վերաբերի Սուրմակի, ըստ երեւոյթին, ան չկրցաւ բաւարարութիւն տալ զինք շահագործած նախարարներուն ակնկալութեանց. հազիւ տարի մը մնալէ ետք այդ պաշտօնին վրայ, զինք կաթողիկոսական աթոռին բարձրացուցած նոյն նախարարներուն կողմէ հալածուեցաւ եւ վար առնուեցաւ աթոռէն: Հայ նախարարները դարձեալ ներկայացան Վռամ արքային եւ խնդրեցին Սուրմակի փոխարէն նոր կաթողիկոս մը նշանակել: Վռամ այս անգամ անոնց տուաւ ազգով ասորի, Բրքիշոյ անունով մէկը, որ եկաւ Հայաստան` իրեն հետ բերելով իր ազգակիցները, իրենց տանտիկիններով:
Փարպեցի կը յիշէ, որ Բրքիշոյ քրիստոնէական կրօնի գործադրութեան մէջ թոյլ նկարագրի տէր մարդ էր: Ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ իրեն հետ բերած գործակիցները կ՛ապրէին ըստ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ հաստատուած սուրբ եւ անբիծ հաւատքի օրէնքներուն: Բնականաբար անոնք հետաքրքրուած չէին Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեամբ, հայ ժողովուրդի բարօրութեամբ, հոգեւոր ու մշակութային զարգացումով: Բրքիշոյ կ՛ապրէր անժուժկալ եւ զեխ կեանքով. հետաքրքրուած էր միայն հարստութիւն դիզելով, վախճանած եպիսկոպոսներու վիճակները (թեմերը) յափշտակելով:
Այդ պատճառով հայոց աշխարհի մեծամեծներն ու պարզ ժողովուրդը զզուանքով լեցուեցան Բրքիշոյի եւ իրեն հետ եկած մարդոց նկատմամբ: Յատկապէս այս վիճակէն դժգոհ էին եւ անմխիթար կը հեծէին, կ՛ըսէ Փարպեցին, այն հոգեւորականները, որոնք ձեռնադրուած էին «առաքելանման սուրբ Սահակ հայրապետի աջով: Ուստի չկարողանալով երկար հանդուրժել անոնց շուայտ եւ անարժան կենցաղը, վռնտեցին զինք հայոց քահանայապետութենէն»* եւ դարձեալ դիմեցին Վռամ արքային: Սակայն այս անգամ պարսկասէր եւ յունասէր նախարարներու միջեւ կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել: Նաեւ մեծ էր թիւը անոնց, որոնք կ՛ուզէին տեսնել Սահակ կաթողիկոսին վերադարձը Հայաստան եւ կրկին կաթողիկոսական գահ բարձրանալը:
Ուստի Պարսկահայաստանէն Տիզբոն եկան երկու առանձին պատուիրակութիւններ, մէկը` գլխաւորութեամբ Արծրունեաց տէր Վաչէի եւ Աշոցքի տէր Հմայեակի, որոնք նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը կը ձգէին արքայից արքայի հայեցողութեան, իսկ միւս պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ապահունեաց տէր Մանէճ Ապահունիին եւ տէր Սպանդարատ Արշարունիին, Սահակի վերադարձը կ՛ուզէր:
Յատկանշելի է, որ այս կացութեան դիմաց անտարբեր չէր Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնը: Սահակի աքսորէ ազատուելու եւ Հայ եկեղեցւոյ հովուապետութիւնը ստանձնելու խնդրանքով, կ՛ըսէ Խորենացի, Հայ եկեղեցւոյ «եպիսկոպոսներու բազմութիւնն ալ, երանելի Մեսրոպի եւ եկեղեցւոյ բոլոր պաշտօնեաներու հետ նոյն խնդրով [Տիզբոն] ուղարկեցին Տիրուկ քահանային` Մովսէսիկի որդւոյն Վանանդի Զատիշատ գիւղէն»**:
Այս պատուիրակութիւններէն անկախ, Հայաստանի յունական բաժնի կառավարիչ զօրավար Անատոլիոս Կարինէն Տիզբոն գործուղած էր Հաւուկ Կուկայառիճցին` խնդրելու պարսից արքայէն, որ եթէ չ՛ուզեր Ս. Սահակը պահել Պարսկահայաստանի մէջ, արտօնութիւն տրուի անոր անցնելու Հայաստանի յունական բաժինը:
Այս առաջարկներուն դիմաց Վռամ արքան հետեւեալ կարգադրութիւնները ըրաւ: Նախ Բրքիշոն հեռացուց կաթողիկոսական աթոռէն: Սահակ կաթողիկոսին արտօնեց վերադառնալ Հայաստան, զբաղելու միայն հոգեւոր գործով, անոր շնորհեց կաթողիկոսական կալուածներէն քանի մը գիւղ, որպէսզի ապրուստի համեստ եկամուտ մը ունենայ: Իսկ «եպիսկոպոսապետութեան աթոռի համար նշանակեց Շամուէլ անունով ասորի մը, որպէսզի ան Մեծն Սահակին ընդդիմադիր եւ հակաթոռ ըլլայ»: Նաեւ ճշդեց Շամուէլի պարտականութիւնները ըստ հետեւեալի. «Ընկերանալ մարզպանին, վերահասու ըլլալ պահանջուելիք հարկերու բաշխման, ինչպէս նաեւ` դատաստաններուն եւ այլ աշխարհական կարգերուն»***: Ինչ կը վերաբերի Սահակ հայրապետի լիազօրութեանց, քրիստոնէական կրօնը քարոզելէ բացի, ան իրաւունք ունէր ձեռնադրութիւն կատարելու այն պարագային, երբ Շամուէլ արտօնէր:
Սակայն Վռամի իսկական մտահոգութիւնը պարսկահայութիւնը հեռու պահելն էր բիւզանդական Հայաստանէն եւ Բիւզանդիոնի ազդեցութենէն: Այդ պատճառով, նախքան Սահակի ազատ արձակելը, հրաւիրեց զայն «բազմամբոխ ատեանի առջեւ» երդում կատարելու, առ այն, որ հաւատարիմ պիտի մնայ պարսկական իշխանութեան, եւ ազդարարեց զայն հետեւեալ բառերով. «Խաբուելով քու մոլորական հաւատակիցներէդ, չըլլայ, որ ապստամբութեան խորհուրդներ ունենաս, որ պատճառ կը դառնայ, որ մենք Հայաստանը կորուստի մատնենք»:
Խորենացի գեղեցկօրէն ամփոփած է Ս. Սահակի տուած յանդուգն պատասխանը: Արդէն 84 տարեկան, սակայն տակաւին քաջասիրտ ու իմաստուն հայրապետը նախ յիշեցուց ներկաներուն իր մատուցած բազում ծառայութիւնները պարսկական արքունիքին, որուն փոխարէն, դժբախտաբար, իր նկատմամբ ցուցաբերուած էր ապերախտութիւն: Քրիստոնէական վարդապետութիւնը յոյներու հետ «մոլորական հաւատակցութիւն» կոչած Վռամ արքային ընդդիմախօսեց մեծ ճարտարութեամբ եւ խիզախութեամբ, ցոյց տալով քրիստոնէութեան իսկական էութիւնը. անվախօրէն բացատրեց անոնց կեղծաւորութիւնները, «անուշ խօսքերն ու չար գործերը»:
Սահակ կաթողիկոս իր հռետորութեամբ մեծապէս տպաւորեց Վռամ արքան եւ ատեանի մէջ ներկայ պարսիկ պալատականները, որոնք ապշած մնացած էին` լսելով անոր հրաշալի ելոյթը: Վռամ` ի գնահատութիւն Սահակի պերճախօսութեան եւ համարձակութեան, հրամայեց անոր շատ արծաթ տալ եւ արձակել: Իր հերթին, Սահակ ունէր իր առաջարկները արքայից արքային: Մերժելէ ետք որեւէ նիւթական պարգեւներ ստանալ իր անձին համար, կատարեց հետեւեալ խնդրանքները:
Առաջին` պարսիկ մարզպաններ պէտք չէ իրաւունք ունենան կամայականօրէն փոփոխութիւններ մտցնելու նախարարներու նուիրապետական կարգին մէջ կամ փոխելու անոնց պաշտօնները, այլ պէտք է պահպանուի կարգը ըստ այն «գահնամակի» (նուիրապետական կարգը ճշդող գրութեան), որ ինք անձամբ հաստատած եւ իր մատանիով կնքած է: Երկրորդ` ներում շնորհուի երիտասարդ Գազաւոն իշխանին եւ գահանամակին մէջ տեղ տրուի անոր անուան:
Վռամ արքան ընթացք տուաւ այս խնդրանքներուն. նաեւ Սահակի թոռ` Վարդան զօրավարին վերահաստատելով Մամիկոնեան տոհմի տանուտէրութեան պաշտօնին մէջ, ուղարկեց Հայաստան****: Ահա հայրենասէր, հայ ժողովուրդի զաւակներու իսկական հայր Սահակ կաթողիկոսը, որ տակաւին ոտք չկոխած Հայաստան` կը մտածէր իր հայրենիքի ներքին անկախութեան, հայ նախարարներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին:
(Շար. 12)
* Փարպեցի, անդ, Գլ. ԺԵ, էջ 60-61:
** Խորենացի, Գ. հատուած, Գլ. ԿԵ:
*** Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԵ:
**** Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԵ:

