Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Երաժշտական Երեկոյ` Ուսուցչաց Տօնին Առիթով
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Բաղսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, երէկ` կիրակի, 9 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Ուսուցչաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` մասնակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչակազմին եւ կիթառահարներու համոյթին:

Դոկտ. Յակոբ Եագուպեան
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան: Ան շնորհաւորեց Ուսուցչաց տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն` իրենց տարած աշխատանքներուն համար, նաեւ իրենց ունեցած հաւատքին, սիրոյն, նուիրումին, մտահոգութեան ու տագնապին համար` հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին նկատմամբ, ինչ որ ուսումնականէն շատ աւելի անդին կ՛երթայ եւ կը հասնի հայակերտումի եւ մարդու կերտումի վեհ նպատակներու իրագործումին:
«Ձեզի կը մաղթենք կորով, քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ, որպէսզի կարենաք շարունակել սերունդներու դաստիարակութեան ձեզի վստահուած այս մեծ առաքելութիւնը», եզրափակեց դոկտ. Յակոբ Եագուպեան` շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին եւ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր արուեստագէտներուն:
Յայտագիրը կը բովանդակէր Սայաթ Նովայի, Հեքիմեանի, Չայքովսքիի, Բաբաջանեանի, Գրիգոր Նարեկացիի, Կոմիտասի, Քըրթիսի, Վիվալտիի եւ այլ երաժշտագէտ ու ստեղծագործութիւններէն նմուշներ, որոնք մեկնաբանուեցան Յակոբ եւ Սերօ Քելուկեաններու` նուագ, Շողիկ Թորոսեանի` երգ, Լիւսի Չամսարեանի` երգ, Սարգիս Հալլաճեանի` նուագ, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու` նուագ, նաեւ կիթառահարներու համոյթին (խմբավարութեամբ` Մկրտիչ Միքայէլեանի) եւ մենակատարներու համոյթին կողմէ:

