Լիբանանի Մէջ Արցախի Մշակոյթի Շաբաթը Սկսաւ Արցախի Նոր Սերունդի Տաղանդներու Համերգով

Artsakh_Meshagouyt1Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, շաբաթ, 8 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Արցախի մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու համերգ:

Artsakh-Meshagouyt2Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս համերգը առաջինն էր համերգներու շարքի մը, որ կ՛երկարի մինչեւ 14 մարտ 2014:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան

Լեռնիկ Յովհաննիսեան

Համերգին պաշտօնական բացումը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու համերգին կազմակերպումով եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ գտնուելով մեծ ուրախութիւն մը կ՛ապրինք այսօր, որովհետեւ կը գտնուինք գաղութի մը մէջ, որ Արցախի վերջին շրջանի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին իր ներդրումը ունեցած է:

Ձեռնարկին ընթացքին իրենց երաժշտական գործիքներով եւ տաղանդով հանդէս եկան 12 տաղանդաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք մեծ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ ապրեցուցին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի ներկաները:

Նշենք, թէ նոյն համերգը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 9 մարտ 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ (տեսնել` ստորեւ), իսկ յաջորդող երկու համերգները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 13 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, իսկ «կալա»-ն` ուրբաթ, 14 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Արցախի մշակոյթի շաբթուան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, 11-14 մարտ 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ արցախցի 17 գեղանկարիչներու գործերու ցուցահանդէս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES