Փութին. «Խրիմի Օրինական Իշխանութիւններուն Կողմէ Առնուած Քայլերը Հիմնուած Են Միջազգային Օրէնքին Վրայ»

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

Խրիմի Սեւասթոփոլ քաղաքին մէջ մտրակներով զինուած քոզաքներ յարձակում գործեցին ուքրանացի բանաստեղծ եւ ազգային հերոս Թարաս Շեւչենքոյի ծննդեան 200-ամեակի նշման հաւաքի մը ապահովութեան հսկող տասնեակներով անձերու վրայ: Հաւաքին ներկայ էին 200 անձեր:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարները Ուքրանիոյ տագնապին շուրջ ունեցան հեռաձայնային անմիջական հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին, ըստ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան, «հակառակ կացութեան գնահատման մէջ տարակարծութեանց, լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ բնականոնացնելու հասարակաց շահագրգռութիւն մը արտայայտուեցաւ»:

Փութին ընդգծած է, որ «Խրիմի օրինական իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը հիմնուած են միջազգային օրէնքին վրայ»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնել:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Մոսկուա Խրիմ մուտք գործելով «մեծ սխալ հաշուարկ» մը կատարեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շաբաթ օր Ռուսիան զգուշացուց, որ Խրիմը կցելու որեւէ քայլ դիւանագիտութեան դուռը պիտի փակէ:

Էրտողան. «Ռուսիա Պէտք Է Պաշտպանէ
Խրիմի Թաթարներուն Իրաւունքները»

«168.am» կայքը, յղում կատարելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող ճգնաժամի լոյսին տակ պիտի աջակցի Խրիմի թաթարներուն` անոնց քաղաքական իրաւունքները պաշտպանելու համար:

«Մենք Խրիմի թաթարները դժբախտութեան ժամանակ պիտի չլքենք: Ես Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ քննարկած եմ Խրիմի դէպքերը եւ անոր ըսած, որ Ռուսիան պէտք է պաշտպանէ Խրիմի թաթարներուն իրաւունքները, ինչպէս որ անոնք կ՛ընեն ռուսական մեծամասնութեան կամ Խրիմի այլ փոքրամասնութեանց պարագային»:

Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի եւ Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է 4 մարտին:

Ուքրանիա Ռուսիոյ Կազի Պարտքէն
100
Միլիոն Տոլար Վճարած Է

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարար Եուրի Պրոտան կ՛ակնկալէ, որ ընթացիկ տարուան երկրորդ կիսամեակին ռուսական կազի գինը կրնայ կազմել 368,5 տոլար` հազար խորանարդ մեթրի համար:

Անցեալ տարուան համար Ուքրանիոյ պարտքը կը կազմէ 1,5 միլիառ տոլար: Անցեալ շաբաթ Ուքրանիա 100 միլիոն տոլարի վճարում կատարած է «Կազփրոմ»-ին, ինչ որ յունուարի պարտքն է: Այժմ կը պատրաստուի կատարելու փետրուարի վճարումը, որ 440 միլիոն տոլար է:

Անցեալ շաբաթ «Կազփրոմ»-ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլլըր յայտարարած էր, որ պարտքերու պատճառով դէպի Ուքրանիա կազի մատակարարումը կրնայ դադրեցուիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES