«Մաարիւ» Ելեւմտական Սուր Տագնապին Պատճառով Լոյս Չտեսաւ

MaarivԻսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը երէկ իր դիմագրաւած ելեւմտական սուր տագնապին պատճառով լոյս չտեսաւ:

«Մաարիւ»-ի վարչութենէն աղբիւրներ նախատեսեցին, որ օրաթերթը վերստին լոյս տեսնէ, եթէ Երուսաղէմի կեդրոնական դատարանը ընդունի օրաթերթին դէմ որդեգրուած միջոցառումները սառեցնել:

Լրագրողներու սենտիքան եւ «Մաարիւ»-ի մէջ լրագրողներու յանձնախումբը օրաթերթի սեփականատէր Շլոմօ պեն Ցաւին ամբաստանեցին թերթին անձնակազմը խաբելու եւ անոնց հետ ստորագրած համաձայնութիւնները չյարգելու համար:

Share this Article
CATEGORIES