Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն տէր կանգնելու:

ՄԱՐՈՆԻ համայնի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վաւերացնելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը: Ան հաստատեց, որ եկեղեցին կը դատապարտէ կնոջ դէմ գործուած բոլոր բռնութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի նշեց, որ Դիմադրութիւնը շքանշան մըն է` արժանապատիւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի կուրծքին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի պահանջեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար մշակուելիք ընտրական նոր օրէնքին պարագային նկատի ունենալ կիներու ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը: Ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը մերժէ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը հիմնական է` ահաբեկչութեան եւ առեւանգումներուն դէմ պայքարելու համար:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն հաստատեց, որ իրենք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած են, որովհետեւ անտեսուած են այդ ուժերուն կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը գոյանայ:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ աշխատանքային ծրագիրը մշակելու առումով, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը սպասեն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան:

ԸՍՏ պաշտօնական աղբիւրներու, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն պիտի զօրակցի, եթէ մերժուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն բառը նշել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած ճառին պատճառներէն մէկը այն է, որ ան յուսալքուած է իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին առումով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը յայտնեց, որ հաւատադրժողական շարժումներուն իսկական վտանգը կը կայանայ անոնց բազմազանութեան եւ ճիւղաւորումին մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն եզրին որդեգրումը անհրաժեշտ է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մարոնի հզօր ղեկավար մըն է եւ ան կրնայ երաշխաւորել նաեւ Մարտ 14-ի մարոնի ղեկավարները, որովհետեւ դէմ է վերընտրութեան կամ պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու գաղափարին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ օր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքի պատասխանատուներուն միջեւ կայացած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են նախագահական ընտրութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց վերջ տալու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, որովհետեւ Դիմադրութիւնը ժողովուրդին կամքով արդէն իսկ գոյութիւն ունի:

Share this Article
CATEGORIES