Իր Առեւանգումէն 18 Ժամ Ետք Փոքրիկն Միշել Սաքըր Ազատ Արձակուեցաւ
Ուրբաթ օր Զահլէի մէջ առեւանգուած փոքրիկն Միշել Սաքըր, իր առեւանգումէն 18 ժամ ետք ազատ արձակուեցաւ:
Իննամեայ երեխային հայրը` լիբանանցի գործարար Իպրահիմ Սաքըր իր զաւկին վերադարձին առիթով սպառնաց բոլորին Զահլէի մէջ նման դէպք մը կրկնելու պարագային:
Սաքըր յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ Զահլէի բնակիչներ, կը գործակցին ամբողջ Պեքաայի բնակչութեան հետ` աւելցնելով, որ ինք բոլոր համայնքներէն եւ քաղաքական ուժերու պատասխանատուներէն շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է:
Սաքըր ընդգծեց, որ առեւանգումներ կատարող այս աւազակախումբը պէտք է խիստ պատիժի ենթարկել:
Վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ ուղղուեցաւ Զահլէ, ուր ան շնորհաւորեց Սաքըր ընտանիքը անոնց զաւկին ողջ առողջ վերադարձին առումով:
Իր կատարած յայտարարութեան մէջ ան ցաւ յայտնեց, որ նման պարագաներու յանցագործներուն գտնուած վայրը յստակ է եւ բոլորը գիտեն, թէ առեւանգեալները ո՛ւր պէտք է փնտռել: «Ցաւօք, նման աւազակախումբեր ծանօթ են բոլորին եւ ազատ անկախ կը գործեն` պատժուելու եւ բանտարկուելու փոխարէն», ըսաւ ան:
Իր կարգին, վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Նուհատ Մաշնուքի եւ Սամիր Մուքպելի, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու պատասխանատուներուն հետ` բարձր գնահատելով անոնց ջանքերը` Միշել Սաքըրի ազատ արձակման առումով:

