Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին Բովանդակութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին բովանդակութեան մասին շաբաթավերջին կատարուեցան շարք մը յայտարարութիւններ, որոնցմէ էր այդ ծրագիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կառչածութիւնը` Դիմադրութիւն բառին:
Իր կարգին, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք ըսաւ հետեւեալը. «Կառավարութեան կողմէ մշակուած որեւէ աշխատանքային ծրագիր, որուն մէջ Դիմադրութիւն եզրը չէ նշուած, մեռեալ է եւ ոչ մէկ ձեւով խորհրդարանին վստահութիւնը պիտի ստանայ: Դիմադրութիւնը երկրին հոգին է, եւ այն կառավարութիւնը, որ կը մերժէ զայն որդեգրել, ազգային շահերու կառավարութիւն չի նկատուիր»:
Շէյխ Քաուք հաստատեց, որ Դիմադրութիւն եզրը ջնջելու իրականութենէն առաջին եւ վերջին օգտուողը թշնամի Իսրայէլն է, «եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրականացնեն իսրայէլեան պահանջ մը», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հարիրի պատրաստ է այս շաբթուան ընթացքին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին համար լուծումներ առաջարկելու եւ կ՛ակնկալէ, որ քաղաքական ուժերը այդ լուծումներուն նկատմամբ գործակցութիւն ցուցաբերեն:
ՆՇԵՆՔ, որ սէուտական «Օքազ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան աղբիւրներէ, գրած է, թէ վաղը` երեքշաբթի, 11 մարտին նախարարական յանձնախումբին կողմէ գումարուելիք նիստը պիտի ունենայ դրական աւարտ` նկատի ունենալով, որ կարելի պիտի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնել:

