Ժապհաթ Նուսրա Կոչ Կ՛ուղղէ Սիւննիներուն Անջատուելու Լիբանանեան Բանակէն
Ժապհաթ Նուսրա շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ լիբանանեան բանակը վերածուած է շիի համայնքին ձեռքին մէջ գտնուող խաղալիքի մը` աւելցնելով, որ բանակը օր մը օրանց չէ յանդգնած իսրայէլեան կամ սուրիական բանակներուն դէմ յարձակիլ, այլ` ան իր ամբողջ ուժը դրսեւորած է սիւննի համայնքին դէմ` պատճառաբանելով լիբանանցիներուն անվտանգութեան պաշտպանութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ սիւննի համայնքին անջատուելու լիբանանեան բանակէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

