Արաբական Լիկայի Նիստ . Պասիլ. «Լիբանանին Իրաւունքն Է Ազատագրել Իր Բռնագրաւուած Հողերը Եւ Ընձեռուած Ու Օրինական Բոլոր Միջոցներով Դիմադրել Որեւէ Յարձակումի»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, որուն ընթացքին ան արտասանեց Լիբանանի խօսքը:
Իր խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանցիները համաձայն գտնուած են Լիբանանը չէզոք պահելու արտաքին հարցերէն, յատկապէս երբ այդ հարցերը միջարաբական են: Այդ միջոցը կ՛որդեգրուի նուազեցնելու համար ներքին լիբանանեան հարցերը, սակայն անշուշտ այդ մէկը չի նշանակեր Լիբանանը զերծ կացուցել Պաղեստինեան հարցէն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի արդար իրաւունքէն:
«Լիբանանեան առումով արտաքին թէ ներքին ոեւէ կողմ պէտք է ընդունի բնական ու մարդկային իրաւունքը, որ նշուած է Մարդկային իրաւանց ու ՄԱԿ-ի ուխտերուն, Արաբական լիկայի ուխտին եւ Թաէֆի սահմանադրութեան մէջ: Անիկա է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն իրաւունքը` ազատագրելու բռնագրաւուած հողերը` Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի լիբանանեան բաժինը, ինչպէս նաեւ ընձեռուած ու օրինական բոլոր միջոցներով դիմադրելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի», ըսաւ Պասիլ:
Ան աւելցուց, որ լիբանանցիներուն հիւրընկալութիւնը եւ իրենց հողերուն վրայ սուրիացի գաղթականները ընդունելու մարդկային պարտաւորութիւնն ու պարկեշտութիւնը կարելի չէ պարզապէս նկատի ունենալ, որովհետեւ տրամադրուած գումարներն ու տարածքը փոքր համեմատութիւն չունին: «Ընդհակառակն` հարցը Լիբանանի` իբրեւ պատգամ երկիր գոյատեւելու հարց է, անիկա պարզապէս մարդկային, նիւթական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական, քաղաքական եւ ազգային հարց չէ, այլ` գոյութենական եւ լիբանանեան բոլոր շերտերու գոյացութեան հարց», ըսաւ Պասիլ:

