Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Բազմամարդ Քայլարշաւ` Ընտանեկան Բռնութեան Երեւոյթին Դէմ

tsuyts09032014Կիներու միջազգային օրուան առիթով, անցեալ շաբաթ, 8 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ՔԱՖԱ կազմակերպութեան ծրագրած ձեռնարկին եւ քայլարշաւին մասնակցեցան հազարաւոր լիբանանցիներ, որոնք պահանջեցին կիներու դէմ բռնութիւնը արգիլող, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութիւնը դատապարտող օրէնքը վաւերացնել:

Թանգարանին առջեւ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ անչափահասի մը ամուսնութեան բեմականացումը, որուն ընդմէջէն փոխանցուեցան ընկերութեան վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Ձեռնարկին ընթացքին պահանջուեցաւ որդեգրել քաղաքացիական օրէնքներ, որոնց հիման վրայ կարելի է պաշտպանել կնոջ իրաւունքները:

kafaՁեռնարկին աւարտէն ետք սկիզբ առաւ քայլարշաւը, որ առաջնորդուեցաւ այն մայրերուն կողմէ, որոնց զաւակները սպաննուած էին անոնց ամուսիններուն կողմէ:

Քայլարշաւին մասնակիցները խստիւ մերժեցին կիներու խոշտանգումը եւ անոնց դէմ գործուած սպանութիւնները:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն, որ մասնակցեցաւ ցոյցին, անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանին կողմէ նման օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա միակ ձեւը պիտի ըլլայ պաշտպանելու կիները:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, որ դարձեալ մասնակցեցաւ ցոյցին, հաստատեց, որ համախմբումը ընտանեկան բռնութեան վերաբերող օրէնքներու մշակումին ու վաւերացումին առումով ճիգ չի խնայեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES