Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը նման է մայրիի ծառին, որուն արմատները աւելի զօրաւոր կը կառչին հողին եւ աւելի ուժեղ պայքար կը մղեն Լիբանանի ազատութեան եւ գերիշխանութեան համար, երբ փոթորիկներու դիմաց գտնուին:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց երկրին միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան համար նախագահ Սլէյմանի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն` Լիբանանին քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական միջազգային օժանդակութիւն ապահովելու իմաստով:
Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումն ու վաւերացումը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք: Քննարկուեցան երկրին ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ բանտերու, թմրամոլներու, ահաբեկչութեան եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կապուած խնդիրներ:
Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց լիբանանցի կիները` մաղթելով, որ ան բոլոր մարզերուն մէջ շարունակէ իր պայքարն ու ջանքերը` աւելի լաւ ընկերութիւն մը կերտելու նպատակով:

