Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատմական Եւ Շռնդալից Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ռիատիի Դէմ` 70-63 Արդիւնքով
Շաբաթ, 8 մարտ 2014-ը պատմական օր մը եղաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբին համար, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց ախոյեան Ռիատի Պէյրութի դէմ` 70-63 արդիւնքով (17-9, 33-23, 54-35 եւ 70-63):
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Ամշիթ, որ պարտութեան մատնած էր Սաժեսը, Ռիատիէն խլեց պարագլուխի դիրքը:


«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը, որ անգամ մը եւս ողողուած էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով, եղաւ այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի խումբին կատարած լաւագոյն ներկայացումներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ ցարդ այս տարեշրջանին արձանագրուած մեծագոյն անակնկալներէն մէկուն հանդիսավայրը:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը (խումբը կրած է 7 պարտութիւն), մինչ Ռիատի, որ արձանագրած էր 8 յաղթանակ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ երթին Մանարայի մէջ Ռիատի 79-58 արդիւնքով յաղթած էր ՀՄԸՄ-ի` տարեշրջանի բացման իր կատարած մրցումին (1 փետրուարին):
Ստորեւ կու տանք Ռիատիի դէմ կատարուած մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն դաշտ ներկայացած կազմը` անոր անդամներուն նշանակած կէտերով եւ մրցումին մասնակցութեան ժամանակով. Տիոն Տիքսըն (40 վայրկեան, 12 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (29′ 06″, 9 կէտ, 4 ռիպաունտ), Ռալֆ Աքըլ (12′ 41″, 2 կէտ), Մարք Քորճեան (14′ 46″, 6 կէտ), Թերենս Լիթըր (34′ 23″, 21 կէտ, 8 ռիպաունտ), Հայկ Կէօքճեան (34′ 34″, 3 կէտ, 8 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (34′ 27″, 17 կէտ, 9 ռիպաունտ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (15 կէտ եւ 14 ռիպաունտ):
Նշենք, որ մրցումին իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Ռապահ Նըժէյմ եւ Զիատ Թաննուս:
Դարձի երկրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ վաղը` երեքշաբթի, 11 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ հիւրընկալելով Շանվիլը:
Ինչ կը վերաբերի 10-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Թատամոն 85-75 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին:

