Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Ծանր Պարտութեան Մատնեց Հարըֆ Ըրտէ Խէյրին` 5-1 Արդիւնքով
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը 5-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Հարըֆ Ըրտէ Խէյրին, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ համակիրներ` իրենց հետ ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Այսպիսով, իր արձանագրած այս յաղթանակով ՀՄԸՄ իր մարզական վրէժը լուծեց իր մրցակիցէն, որմէ երթին պարտութիւն մը կրած էր:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Քրիսթիան Թէյմունեան (28-րդ` փենալթիով): Իր կարգին, մրցակից կազմը նշանակեց կոլ մը, դարձեալ փենալթիով, Ա. կիսախաղի վերջին վայրկեանին:
Թէեւ Բ. կիսախաղին կը կարծուէր, որ տեղացող զօրաւոր անձրեւուն պատճառով կրնայ կոլ չնշանակուիլ, սակայն նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ առկայ էր պայքարի ոգին, անոնք տիրապետելով մրցումին վրայ նշանակեցին յաւելեալ չորս կոլեր` շնորհիւ Եահիա Զաղլուլի (72-րդ), Շաֆիք Ֆարեսի (78-րդ եւ 89-րդ) եւ Համբիկ Մկրտիչեանի (90-րդ): Այսպիսով ՀՄԸՄ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5-1 արդիւնքով:
Մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ իրաւարարը տուաւ երկու կարմիր քարտեր, որոնցմէ մէկը` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Եահիա Զաղլուլի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ-ի կազմը մնաց երկրորդ դիրքին վրայ` նկատի ունենալով, որ առաջին դիրքը գրաւող ՀՄՄ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շեքքան:
Բ. խմբակին երրորդ եւ վերջին մրցումը` Ամալ Թրիփոլիի եւ Շապապ Արապիի միջեւ, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ 5-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ահտէն:

