Լիբանանեան Մարզաշխարհ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Յաղթական Շաբաթավերջը

from-game.08032014Նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը եղաւ բաւական արդիւնաւէտ` նկատի ունենալով, որ միաժամանակ արձանագրուեցան երեք յաղթանակներ:

Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը երթի իր պարտութեան մարզական վրէժը լուծեց Ռիատի Պէյրութէն` Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրելով պատմական եւ շռնդալից յաղթանակ մը:

Տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը` Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթելով աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր առաջին մրցակիցին` Պիլիվըրզին:

Վերջապէս, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ ֆութպոլի լաւ դաս մը տուաւ եւ երթին իր կրած պարտութեան վրէժը լուծեց Հարըֆ Ըրտէ Խէյրիէն:

Share this Article
CATEGORIES