Պահք Եւ Պահեցողութիւն. Հայ Կնոջ Հաւատքի Պահպանման Յուշարարը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Դարերէն ժառանգուած սրբազան ժառանգութեան մասին է մեր ակնարկը:

Ներկայիս կը գտնուինք Մեծ պահքի ժամանակաշրջանին մէջ: Եկեղեցի եւ ժողովուրդ ամենայն հաւատարմութեամբ կը կատարեն հոգեւոր եւ մտաւոր ըմբռնումները զարգացնող ինքնակամ պարտաւորութիւն մը, որ կը թարգմանուի ինքնադաստիարակութեամբ` բարիին եւ կատարեալին ձգտելու լուրջ որոշումով:

Եօթը երկար շաբաթներ անհրաժեշտ են հետեւելու համար աւանդութեան պահանջած պարտաւորութեան, որուն բաղադրիչներն են նախ` աղօթքը, ազնիւ եւ բարի կենցաղավարութիւնը` սիրոյ արտայայտութեամբ:

Մեր եկեղեցին մեզ կ՛առաջնորդէ սքանչելի կեանքի մը. այս կապակցութեամբ դասաւորուած են եկեղեցական արարողութիւններ, ինչպէս` առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններ, զորս կ՛անուանենք ԱՐԵՒԱԳԱԼ եւ ՀՍԿՈՒՄ:

Հոգեպարար արարողութիւններ. արեւագալը ինքնին արեւուն լոյսին փառաբանանքն է, լոյս, որ հոգին կը լուսաւորէ, միտքը կը պայծառացնէ:

Հսկումին կը տողանցեն մեր լուսարար հայրերը` Նարեկացի, Շնորհալի, եւ սուրբ նախնեաց աղօթքները կը հնչեն: Հոգիներու հետ աստուածային զրոյցներ են, երանի՜ անոնց հաղորդութեամբ դաստիարակուողներուն:

* * *

Պահքի 49 օրերը ունին իրենց ամէնօրեայ եւ շաբաթական խրատներն ու խորհուրդները: Իւրաքանչիւր կիրակի պատգամ մը կը փոխանցէ` սրբանալու, մաքրուելու, սիրտն ու հոգին մաքրազտելու գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար գործուած մեղքերէն:

Պահոց եօթը շաբաթները կը կիսուին միջինքով, որ իր կարգին կը յիշեցնէ, թէ հասած ենք Մեծ պահքի կէս ճամբուն:

Միջինքը կը վերածուի յատուկ տօնակատարութեան` իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ բարեպաշտ տիկնանց յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ:

Կ՛արժէ այս կապակցութեամբ քանի մը խօսք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES