Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր կատարած աշխատանքը պիտի գնահատուի ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Այս գնահատանքը պիտի քաջալերէ ձեզ` լաւագոյն ձեւով շարունակելու ձեր պարտականութիւնները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կողակիցին կամ ընկերոջ հետ պիտի պատրաստէք նոր ծրագիր մը` ձեր ապագայ նիւթական եկամուտին վերաբերեալ: Համերաշխ տրամադրութեամբ որոշում տուէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ մտահոգուիք ձեր կատարելիք նոր նախաձեռնութեան մասին, քանի որ ունիք փորձառութիւնը եւ ձեռնհասութիւնը նման աշխատանք կատարելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր մուրհակի հաշիւները ի մտի ունեցէք, առանց ժամավաճառ ըլլալու` վճարեցէք: Ձեր վարկը պահեցէք ընկերութեան մէջ, մանաւանդ` դրամական պարտաւորութիւններու պարագային:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Առանց երկար մտածելու պատասխանեցէք դրական տրամադրութեամբ այն հրաւէրին, որուն ներկայ ըլլալը պատիւ մը համարեցէք: Հոն պիտի ծանօթանաք կարեւոր անձնաւորութիւններու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երազներով ապրիլը հոգեկան խաղաղ եւ յուսատու տրամադրութիւն կը ներշնչէ: Այսուհանդերձ, իրատես մնալն ալ անհրաժեշտ է, ձեր ոտքերը ամուր դրէք գետնի վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տեղափոխութիւն մը պիտի ունենաք նոր աշխատանքի մը համար: Նախքան մեկնում` լաւ սերտեցէք ձեզի ուղղուած առաջարկը, որպէսզի չզղջաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաւաքական կամ խմբական գործունէութեան մը համար ձեզի պիտի առաջարկեն ստանձնել առաջնորդի դեր` նկատի առած ձեր կարողութիւնը: Մի՛ մերժէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արագ պատասխան մի՛ տաք այն հարցումին, որ կը պահանջէ խորհրդակցութիւն` փորձառու անձերու հետ: Փոխադարձ գաղափարներու իմացումը կ՛օգնէ ձեր յաջողութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ նուէր մը ունիք փոխանցելիք տարեդարձի մը կամ հարսանեաց արարողութեան մը ներկայ ըլլալու պարագային, նուիրեցէք ըստ ձեր պիւտճէին: Հեռու մնացէք աւելորդ ծախսերէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ մոռնաք մարզանքի վերաբերեալ ձեր ժամադրութիւնը: Ձմեռնային եղանակը մի՛ պատճառաբանէք` փախուստ տալով կարեւոր մարզաձեւէ մը: Ձեր մարմինին հոգ տարէք մարմնամարզով եւ յարմար սնունդով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Քունի պակասէ կը տառապիք: Ամէն ջանք ի գործ դրէք ձմեռնային օրերու քաղցր քունը վայելելու: Հեռու մնացէք գիշերային զբօսանքէ կամ հրաւէրներու ընդառաջելէ:

