50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1964)
Միսաք Ապաճեանի
Արտասանական Երեկոն
Երեքշաբթի, 25 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միսաք Ապաճեանի արտասանական երեկոն:
Գեղարուեստասէր ընտիր հասարակութիւն մը լեցուցած էր սրահը:
Հայրենաշունչ եւ քնարական բանաստեղծութիւններէ կազմուած յայտագիրը բաժնուած էր երեք մասերու:
Առաջին մասին մէջ Միսաք Ապաճեան գնահատանքի արժանի յաջողութեամբ արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւններէն ընտրուած 12 կտորներ:
«Ո՞րն է, բաբօ՛, մեր հայրենիք»-ը եւ «Չարենցին»` լաւագոյն տպաւորութիւնները թողուցին` արժանանալով երկարատեւ ծափերու:
Յստակ առոգանութեամբ եւ ապրումով արտասանուած այս քերթուածներէն շատեր եթէ չունենային միօրինակ շեշտ եւ հետզհետէ տկարացում, անկասկած, Ապաճեան իբրեւ նուաճում, լաւագոյն յաջողութիւնը պիտի արձանագրէր:
Յայտագրին երկրորդ մասը տկար սկիզբ մը ունեցաւ: Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»-ը տպաւորիչ տրտունջքի մը ուժգնութիւնը չապրեցուց ունկնդիրներուն:
Միւս քերթուածները, Պետրոս Դուրեանի, Վահան Տէրեանի եւ Լութֆիկ Դուրեանի ընտիր ստեղծագործութիւններէն, եթէ թեթեւ առաւելութեամբ մը աւելի յաջող էին, քան` «Տրտունջք»-ը, մնացին, սակայն, տկարութեան սահմաններուն մէջ, իբրեւ տկարագոյն յայտագրին: Քնարական ստեղծագործութիւններ արտասանելու համար, անհրաժեշտ է բանաստեղծին հոգեկան աշխարհին մէջ ըլլալ, ըմբռնել քերթուածին իմաստը եւ ապրիլ հեղինակին ապրումը:
Արտասանական արուեստը գնահատանքի կ՛արժանանայ այն ժամանակ, երբ արտասանողը հեղինակին ապրումով յաջողի քերթուածը իր խորքով ու կառոյցով հաղորդակից դարձնել ունկնդիրներուն:
Նպաստաւոր առաւելութիւն մը ունին սակայն, հայրենաշունչ քերթուածները, որոնք կ՛օժանդակեն արտասանողին: Յաճախ, քերթուածն է, որ կը ծափահարուի քան արտասանողը:
Եւ յայտագրի երրորդ մասին մէջ, Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»-ն երկարատեւ ծափերու:
Յուզիչ ապրումով լաւ արտասանութիւն մըն էր նաեւ Չարենցի «Մօրս համար գազել»-ը:
Այնուհետեւ, Աւետիք Իսակահեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն քանի մը քերթուածներ, նոյնպէս արժանացան ծափերու:
Երկարատեւ ծափեր խլեց Աշոտ Լուսենցի «Գազել հայրենական»-ը:
Վերջին արտասանութիւնը, «Միշտ դէպի վեր» քերթուածը Մ. Իշխանի, սպասուած յաջողութիւնը չունեցաւ:
Առաւել ճիգով մարզումի կը կարօտի Միսաք Ապաճեան: Երկարաշունչ քերթուածներէ խուսափիլը եւ հետզհետէ տկարանալը լաւագոյն վկայութիւնները եղան այս եզրակացութեան:
Յամենայն դէպս, գնահատանքի արժանի է Միսաք Ապաճեանի սէրը` դէպի արտասանական գեղարուեստը:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Հայկական Կեանք
Ռումանահայերու Հայրենակցական
Միութիւն Լոս Անճելըսի Մէջ
Կը Խօսին Ճորճ Մարտիկեան, Ս. Սարունի Եւ Ուրիշներ
Լոս Անճելըսէն կը հաղորդեն մեզի, թէ 1 մարտին կիրակի, օր, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած է բացման հանդէսը ռումանահայերու «Րաֆֆի» հայրենակցական միութեան: Ներկայ եղած եւ խօսք առած են Սմբատ վրդ. Լափաճեան, Ճորճ Մարտիկեան, Սարգիս Սարունի, Գր. Ամիրեան եւ ատենապետ Լեւոն Յարութիւնեան:
Ամերիկեան «Հերըլտ էքզեմինը»-ի կողմէ թղթակից մը ներկայ եղած է հանդէսին, որուն գեղարուեստական բաժինը ձգած է խոր տպաւորութիւն:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ռումանիոյ պետական երաժշտանոցէն` ձայնասփիւռի մեներգիչ Շաքէ Գրիգորեան-Շիշմանեան` ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Սիլվա Թանայի եւ Ատրինէ Գոլանճեանի, ասմունքով` Անի Յարութիւնեան. ազգային տարազով եւ հայկական պարերով` Աբայ Տէրունեան (ղեկավարութեամբ Գոհար Նարկիզեանի), եւ վերջապէս «Րաֆֆի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Պօղոս Գազեանի:
Հանդէսը իր ամբողջութեան մէջ գեղարուեստական բացառիկ վայելք մը եղաւ ներկաներուն համար:
Մարսէյի Առաջնորդին Անդրանիկ Պատարագը
Հարաւային Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցուած է անցած կիրակի, Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ: Ազգային վարչութիւնը յատուկ կարգադրութիւններ ձեռք առած է, արժանավայել շուքով ընդունելու համար սրբազանը, որ հրաշափառով առաջնորդած է խորան:
Յետ պատարագի սրբազանը խօսած է տպաւորիչ քարոզ մը:
Նոյն օրը երեկոյեան Ազգային վարչութեան անդամ Գր. Պաղտասարեան իր Պոմոնի ամարանոցին մէջ մտերիմ ընդունելութիւն մը եւ ճոխ սեղան մը սարքած է ի պատիւ սրբազանին:

